«ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Փետրուարի 7ին հրամանագրով հաստատեց ազգային ապահովութեան ռազմավարութիւնը, հիմնուելով երկրի սահմանադրութեան 49րդ յօդուածին վրայ եւ հաշուի առնելով համապատասխան յանձնաժողովի առաջարկը:
ՀՀ ազգային ապահովութեան ռազմավարութիւնը հաւանութեան արժանացած էր Ազգային ապահովութեան խորհուրդի 2007ի Յունուարի 26ի նիստին:
Փաստաթուղթին մէջ սահմանուած են Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ապահովութեան հիմնարար արժէքները՝ անկախութիւնը, պետութեան եւ ժողովրդի պաշտպանուածութիւնը, խաղաղութիւնը եւ միջազգային համագործակցութիւնը, հայապահպանութիւնը, բարեկեցութիւնը:
Ազգային ապահովութեան ռազմավարութեան իրագործման հիմնական երաշխիքներն են՝ պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութիւնը, օրէնքի գերակայութեան ապահովումը, ժողովրդավարական արժէքներու արմատաւորումը, դատական իշխանութեան անաչառութիւնը ու անկախութիւնը, զինուած ուժերու մարտունակութիւնը, ապահովական եւ իրաւապահ մարմիններու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, ընկերային արդարութեան ապահովումը եւայլն:
Այս ռազմավարութիւնը ենթակայ է ճշգրտումներու՝ ըստ ներպետական եւ միջազգային իրավիճակի, սպառնալիքներու եւ մարտահրաւէրներու փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ ըստ փաստաթուղթի մէջ նշուած նպատակներու իրականացման: