ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսքի՝ յատկապէս ռուս եւ ամերիկացի համանախագահներ, յաջորդաբար Եուրի Մերզլեաքովի եւ Մէթիու Պրայզայի միջեւ լուրջ տարակարծութիւններ բացայայտուեցան երէկ, երբ Մերզլեաքով հրապարակաւ յայտարարեց, թէ Արցախի հարցով կողմերու միջեւ տարբերութիւնները միայն թեքնիք հարցեր չեն:
Մերզլեաքով կ’ակնարկէր Պրայզայի այն յայտարարութեան, թէ կողմերը շատ մօտ են համաձայնութեան, հիմնական տարրերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է եւ մնացած են միայն թեքնիք խնդիրներ:
Մերզլեաքով ըսաւ. «Ես չէի ասի, թէ դրանք թեքնիք են: Դրանք ոչ միայն թեքնիք են… աւելի ճիշդ է Ատրպէյճանի արտաքին գործերի նախարար Էլմար Մամէտեարովի արած նախորդ մեկնաբանութիւնն այն մասին, որ մնացել է մէկ-երկու էական հարց, որոնք անհրաժեշտ է համաձայնեցնել վերջնականապէս»:
Մերզլեաքով ըսաւ նաեւ, թէ մինչեւ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հերթական հանդիպում, ամենայն հաւանականութեամբ չկայանայ, հետեւաբար, «առանց նախագահների համաձայնութիւններ, հաւանաբար, ձեռք բերուել չեն կարող: Իսկ հանդիպում, ամենայն հաւանականութեամբ, մինչեւ ընտրութիւնները չի կայանայ: Ահա սա էլ ելակէտ ունեցէք»:
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Կորան Լենմարքըր Պաքուի մէջ յայտարարեց, թէ ինք յոյսով է, որ մինչեւ տարեվերջ Արցախի հարցը լուծուած կ’ըլլայ:
Ըստ եւրոպացի դիւանագէտին, «կարծում եմ, որ երկու երկրների միջեւ խաղաղութեան ձեռքբերումը կարող է իրականացուել այս տարուայ Մայիսին Հայաստանում կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններից յետոյ»: Ան աւելցուց, որ «այժմ երկու երկրների արտաքին գործերի նախարարները պէտք է լուծեն Լեռնային Ղարաբաղում մարդկանց համատեղ ապրելու հարցերը»:
Լենմարքըր անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մասին ԵԱՀԿի տեղեկագրին նկատմամբ Ատրպէյճանի դժգոհութեան եւ ըսաւ, թէ նոր զեկոյց պիտի չպատրաստուի որովհետեւ հրատապ խնդիր մը չէ: «Առաւել կարեւոր է կարգաւորման գործընթացը, ոչ թէ զեկոյցը», նշեց Լենմարքըր: