ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանը պիտի ունենայ երկու նոր ստորգետնեայ անցում: Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Սամուէլ Դանիէլեան յայտնեց, որ ծանրաբեռնուած փողոցներու բեռնաթափման համար ստորգետնեայ ճանապարհ պիտի կառուցուի «Այրարատ» շարժանկարի սրահին մօտ՝ Տիգրան Մեծի, Խանջեան, Ագաթանգեղոսի փողոցներու եւ ճոպանուղիի մօտ՝ Կորիւնի, Հերացիի, Նալբանդեան, Չարենցի փողոցներու հատման մօտ: Ճանապարհներու կառուցման նախագիծերը արդէն կը կատարուին:
Մայրաքաղաքին մէջ յաջորդ տարուան ծրագիրով կը նախատեսուի նաեւ հետիոտներու համար կառուցել չորս ստորգետնեայ անցումներ: