ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17ին, Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները խստօրէն դատապարտեցին Ռուսիան, Վրաստանի դէմ Մոսկուայի որդեգրած «չափազանցուած» պատժամիջոցներուն կապակցութեամբ: Անոնք քննադատեցին յատկապէս մեծ թիւով վրացիներու արտաքսումը Ռուսիայէն:
Արտաքին գործոց նախարարները միաժամանակ շեշտեցին, թէ չեն ուզեր Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները վատթարացնել, այլ կը փափաքին, որ Մոսկուա մեղմացնէ Վրաստանի հանդէպ իր որդեգրած քաղաքականութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Վրաստան-Ռուսիա յարաբերութիւնները բնականոնացնել:
Յայտնենք, թէ Ուրբաթ օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւս պիտի մասնակցի Եւրոպական միութեան գերաստիճանին:
Յիշեցնենք, թէ Մոսկուա Վրաստանի դէմ պատժամիջոցներու դիմած էր՝ հակադարձելով Վրաստանի կողմէ ռուս սպաներու ձերբակալութեան: Սպաները, որոնք լրտեսութեամբ ամբաստանուած էին, աւելի ուշ ազատ արձակուեցան:
Յայտնենք, թէ ռուսական ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած եւ Վրաստան արտաքսուելու պատրաստուող 58ամեայ վրացի մը Երեքշաբթի օր մահացաւ Մոսկուայի օդակայանին մէջ, դատապարտումի ալիք մը բարձրացնելով Թիֆլիսի մէջ: