Երկուշաբթի, Յունուար 8ին, Պըրպէնքի Հայ Դատի Յանձնախումբը ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր ի պատիւ քաղաքի պաշտօնատարներուն, շրջանի Հայ կեդրոնէն ներս:
Ընդունելութեան ներկայ էին քաղաքապետական խորհուրդի անդամ տոքթ. Տէյվիտ Կորտըն, ոստիկանապետ Թոմ Հոֆըլ, հրշէջներու պետ Թրէյսի Փանսինի, քաղաքի գործավար Մէյրի Ալվորտ, քաղաքապետական խորհուրդի 7 թեկնածուներէն հինգը, քաղաքապետարանի զանազան յանձնաժողովներու անդամներ, ինչպէս նաեւ քաղաքի կրթաշրջանէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, մօտաւորապէս 75 հիւրեր: Ներկայ էին նաեւ շրջանէն ներս գործող Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Սիփան» մասնաճիւղի, ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի, ինչպէս նաեւ շրջանի Հ.Յ.Դ. «Աղբալեան» կոմիտէի անդամներ:
Հայ Դատի Յանձնախումբը աւանդաբար այս ձեռնարկը կը կազմակերպէ հայկական Ս. Ծնունդին առիթով՝ 8րդ տարին ըլլալով:
Հայկական երաժշտութեան ընկերակցութեամբ հրամցուած աւանդական ընթրիքէն ետք, հանդիսավար Կարէն Եղբայրեան (անդամ քաղաքի զբօսայգիներու յանձնաժողովին) բացման խօսքը ըրաւ, ապա Յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արբի Օհանեան ողջունեց հիւրերը, եւ բացատրեց, թէ ինչու հայ ժողովուրդը Ս. Ծնունդը կը տօնէ Յունուար 6ին: Բացատրեց նաեւ շրջանէն ներս գործող քաղաքական, մարզական, բարեսիրական եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու առաջադրանքները, ինչպէս նաեւ շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի դերակատարութիւնը:
Ձեռնարկը առիթ մը եղաւ իրարու աւելի մօտէն ծանօթացման: