Ամէն տարի, Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, «Համազգային»ի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի վարչութիւնը հրապարակային ձեռնարկով մը կը յիշատակէ հայ մշակոյթի օրը:
Այս տարի, վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր սոյն յիշատակման ձեռնարկի յայտագիրը հրամցնել գաղութի տաղանդաւոր փոքրիկներու մեներգներով, արտասանութիւններով, պարով եւ նուագներով:
Այսպէս, Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր, 2006ի կէսօրէ ետք ժամը 3ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, ժամանակէն առաջ, շուրջ 150 ծնողներ, հիւրեր եւ համազգայնականներ արդէն լեցուցած էին սրահը, որուն պատերը զարդարուած էին մասնաճիւղի հին եւ նոր ձեռնարկներու գունաւոր պաստառներով ցուցադրուած յայտարարութիւններով:
Իսկ բեմը Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր աշակերտներուն մեծադիր նկարներուն կողքին, հայկական ձեռագործներ եւ արձանիկներ ցուցադրուած էին, որոնք կը միտէին սրահը պահել հայ մշակոյթի մթնոլորտին մէջ:
Բեմին կողքին ցուցադրուած էին գծագրութեան մէջ հմուտ փոքրիկներուն պատրաստած նկարները՝ նկարչական ցուցահանդէս պիտակին տակ:
Ձեռնարկի պաշտօնական բացման հանդիսավար Փէկի Ճինպաշեան հրաւիրեց ներկաները, որ յոտնկայս մտիկ ընեն հայկական եւ ամերիկեան քայլերգները: Փոքրիկն Սարին Քէշիշեան (10 տարեկան) դաշնակի վրայ հրամցուց հայկական օրհներգը, իսկ Օրքիտ Տաուտեան(10 տար.) ջութակի վրայ՝ ամերիկեանը:
Իր խօսքի սկիզբին հանդիսավարուհի Ճինպաշեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:
«”Համազգային”ի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղը,- աւելցուց հանդիսավարը,- իբրեւ մէկ անդամը «Համազգային»ի մեծ ընտանիքին, ամէն տարի ձեռնարկով մը կ’ոգեկոչէ Մշակոյթի ամիսը: Այս տարուան յայտագիրը պատրաստուած է սիրայօժար մասնակցութեամբ գաղութի տաղանդաւոր փոքրիկներուն»:
Իր կարգին «Համազգային»ի խօսքը փոխանցեց «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան քարտուղար Գէորգ Պետիկեան, որ նախ պարզեց ձեռնարկին բնոյթը եւ ապա ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց «Համազգային»ի ընտանիքը:
«Շուտով,- շարունակեց Պետիկեան,- 80 տարեկան պիտի ըլլայ հայ մշակոյթի պահակ «Համազգային»ը, որ իր անցեալի ու ներկայի հարուստ իրականութեամբ, իբրեւ հայ մշակոյթի ծառայող ընտանիք, ոչ միայն կը հաւատայ, այլեւ կը գնահատէ ու կը քաջալերէ նման աշխատանքներ»:
Ապա Պետիկեան պարզեց «Համազգային»ի՝ հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին տարած աշխատանքերը, առաքելութիւնն ու գործունէութիւնները:
«”Համազգային”»ի փնտռածը,- շեշտեց օրուան բանախօսը,- ամէն մէկ հայ երեխայի ու երիտասարդի հայերէն խօսիլ ու խօսեցնելն է: Հայ երգով ու պարով խանդավառելն է: Հայ թատրոնը սիրցնելն է ու մշակութային մեր ժառանգութիւնը արդի միջոցներով տարածելու գործն է»:
Իր խօսքի աւարտին Պետիկեան մեծապէս գնահատեց փոքրիկներու ճիգը, ծնողներուն զոհաբերութիւնն ու մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնած նման աշխատանքը ու «Համազգային»ի կապուած մնալու կոչ ըրաւ ներկաներուն:
Ապա, 7-14 տարեկան աղջիկ եւ մանչ, իրենց յատուկ դասաւորումով, մէկ առ մէկ բեմ բարձրացան ու ներկաներուն համարձակ ու ինքնավստահ հրամցուցին իրենց մեներգն ու արտասանութիւնը, նուագն ու պարը:
Այսպէս՝ Ռաքէլ Ղուկասեան (7 տարեկան) արտասանեց «Հայ աշակերտին ուխտը», Անտի Կեցոյեան (11 տար.) Ուիլեըմ Սարոյեանէն, Սէրա Շահինեան դաշնակի վրայ նուագեց՝ Village Dance, Light & Blue, A day in Vienna եղանակները, Դրօ Նալպանտեան (9 տար.) մեներգեց «Հայրենիք» եւ Heidenrdsslein գերմաներէն երգը: Փոքրիկ երգիչը իր երգի աւարտին հայերէնով մեկնաբանեց երգին իմաստը: Իր այս համարձակութեան համար ան խլեց ներկաներու ջերմ ծափողջոյնները:
Մեղրի Սարգիսեան (12 տար.) կիթառի վրայ հրամցուց «Հով արէք», Վանա Գէորգեան (12 տար.) արտասանեց «Կեանքից թանկ բանը», Անի Քէշիշեան (11 տար.) դաշնակի վրայ նուագեց Unyonder Rock Reclining, Ցոլեր Համամճեան (9 տար.) մեներգեց «Այբուբեն» եւ «Սօսէ Մայրիկին» երգը, Կարէն Համամճեան (9 տար.) դաշնակի վրայ նուագեց The Elephant & The Flea, Գայեանէ Մալայեան (13 տար.) ջութակով նուագեց «Ծիծեռնակ»ը, Լիլի Տաուտեան (5 տար.) արտասանեց «Մայրենի լեզու», Կալի Գույումճեան (8 տար.) թաւջութակով ներկայացուց Lighly Row, Փաթիլ Գափթանեան (8 տար.) դաշնակով ներկայացուց Indian Boy – Run Mouse Run, Սարին Ինճյեան (7 տար.) մեներգեց «Ծիծեռնակ»ը, Օրքիտ Տաուտեան (10 տար.) ջութակին վրայ՝ «Ղափամա» եւ «Գալիս ես», Քարոլին Մարգարեան (7 տար.) արտասանեց «Մայրենի լեզու», Ասպետ Համամճեան (12 տար.) դաշնակով հրամցուց Indians – Concert Time, Նայիրի Շիրանեան (10 տար.) դաշնակով նուագեց «Օրօր», Անտի Կեցոյեան (11 տար.) արտասանեց Համօ Սահեանի «Մեր լեզուն», Սելլա Մարգարեան (10 տար.) արտասանեց «Հայ լեզու»ն:
Ապա Լ. Գույումճեան (8 տար.), Վարդուհի Եահճեան (9 տար.) եւ Աննա Օրտօղլեան (9 տար.) հրամցուցին մանկական թատրոն մը՝ «Մամբրէ պապը» անունով, կարճ զաւեշտ մը, որմէ ետք, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Մակի Ստիլեանի, մասնաճիւղի նորակազմ «Աղթամար» պարախումբը, մասնակցութեամբ Սարին Քէշիշեանի, Փաթիլ Գափթանեանի, Արին Գափթանեանի, Մակի Եփրեմեանի, Մարքելկա Աբրահամեանի եւ Էլենա Աբրահամեանի, հրամցուց հայկական պար մը:
Յիշենք նաեւ, որ նկարչական ցուցահանդէսին իրենց գծագրութիւններով մասնակցած էին Արիկ Չուխաճեան (14 տար.), Սամսոն Քէշիշեան (9 տար.), Լոռի Ճիկէրեան (10 տար.) եւ Սարին Ինճէյեան (7 տար.), որոնք իրենց տեսանկիւնէն դիտուած, գունաւոր գծած էին բնութիւնը, ընտանի թռչուններ եւ անպայմանօրէն՝ սրբազան լեռ Արարատը:
Յայտագրին մասնակցող բոլոր փոքրերը արժանացան սրահի խանդավառ ծափերուն եւ բացականչութիւններուն:
Իսկ ձեռնարկի աւարտին, առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն, «Համազգային»ի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Թիւթելեան մէկական շնորհակալագիրով պատուեց օրուան յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերած բոլոր փոքրերը, որմէ ետք մտերմիկ այս մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ եւ հիւրասիրութիւն:
Թղթակցութիւնը՝
Մասնաճիւղէն