ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երաժշտահան, խմբավար, մանկավարժ, երաժշտական գործիչ Ալեքսանդր Աֆանասիի (Ստեփանոսի) Սպենդիարեանի (Սպենդիարով, 1871-1928) ծննդեան 135ամեակը ազգային գրադարանին մէջ Նոյեմբեր 15ին նշուեցաւ մեծ ցուցահանդէսով, ուր առաջին անգամ ներկայացուեցան երաժշտահանի ստեղծագործութիւններու վերջին երկու խտասկաւառակները:
Սպենդիարեանական երաժշտութեան ուղեկցութեամբ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին, գրադարանի անձնակազմը ներկայացուց երաժշտահանի հարուստ հաւաքածոն, որ կը պահուի գրադարանի գրապահոցներուն մէջ:
Ցուցադրուեցան երաժշտահանի բազմաթիւ ստեղծագործութիւններու նոթայագիրքեր, առանձին ուսումնասիրութիւններ, լրագրային հրապարակումներ, լուսանկարներ, երկերու լիակատար ժողովածուի հատորները, որոնց պատրաստութեան ձեռնամուխ եղած է երաժշտական յայտնի գործիչ, խմբավար Գէորգ Բուդաղեան:
Ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ Երեւանի առաջին մասնագիտական հաստատութեան՝ Ալ. Սպենդիարեանի անուան դպրոցի ներկայացուցիչները, որոնք գրադարանին յանձնեցին դպրոցին վերաբերող պատկերագիրք մը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ երաժշտահանի անունով կը կոչուի 1933ին Երեւանի մէջ հիմնուած օփերային թատրոնը, ուր ամէնամեայ նոր խաղաշրջանը կը բացուի իր «Ալմաստ» օփերայով: Երեւանի մէջ կը գործէ նաեւ Ալ. Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը:
Ցուցահանդէսի բացումէն յետոյ գրադարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ Ալ. Սպենդիարեանի եւ այլ դասական հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն, որոնք ներկայացուցին վերոյիշեալ երաժշտական դպրոցի սաները եւ մանկավարժները: