ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Մօտ 60 ընկերութիւններ, անհատ ձեռնարկատէրեր, արհեստագործներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ կը մասնակցին Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ Հոկտեմբեր 19ին բացուած «Գործարար հայուհի-2006» 2րդ ազգային ցուցահանդէսին:
Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան Հայաստանի Փոքր եւ միջին ընկերութիւններու շուկաներու զարգացման ծրագիրի (DAI ASME) եւ «Լոկոս» ցուցահանդէսային կեդրոնի կազմակերպած ցուցահանդէսին գործարար կանայք ներկայացուցած են իրենց եւ իրենց ղեկավարած ընկերութիւններու արտադրանքը «Գեղայարդարման եւ բուժական պարագաներ», «Յուշանուէրներ եւ նուէրներ», «Ծառայութիւններ եւ կրթութիւն», «Ձեռարուեստ», «Սննդամթերք եւ ճաշկերոյթներու կազմակերպում», «Հագուստ եւ գորգագործութիւն», «Գործուածքներ», «Տեղեկատուական աջակցութիւն» բաժիններուն մէջ: