Թրքական «Վաթան» թերթը Ուրբաթ, Փետրուար 9ին հաղորդեց, թէ հայկական «Ակօս» թերթը կը շարունակէ սպառնալիքներ ստանալ։ Թերթի աշխատակից ու Հրանդ Տինքի բարեկամ Այտըն Էնկին կ՚ըսէ, որ «Ակօս» շարունակ սպառնալիքներ կը ստանար ու այս սպառնալիքներուն թիւը Տինքի սպանութենէն մինչեւ այսօր 250ի հասած է, որոնց հետեւանքով երկու երեք գործակիցներ նոյնիսկ հեռացած են «Ակօս»ի խմբագրութենէն։
Յուղարկաւորութենէն մէկ օր առաջ եւ մէկ օր ետք երկու սպառնալիքներ եկան «ձեր բոլորին հաշիւը պիտի մաքրենք. ձեզ օդը պիտի հանենք» ըսելով, կ’աւելցնէ ան։
Էնկին, որ ներկայիս պաշտպան ոստիկանի մը հետ կը շրջի, դիտել կու տայ, թէ շատ դժուար բան է շարունակ ոստիկանի մը ընկերակցութեամբ շրջիլը։
Ան նաեւ կը յայտնէ, որ հաւանաբար հիմնուի Հրանդ Տինքի անունով միջազգային հիմնադրամ մը, որուն մաս պիտի կազմեն հռչակաւոր գրագէտներ ու մտաւորականներ եւ տարին անգամ մը խաղաղութեան մրցանակ մը պիտի յանձնուի։
Էնկին կ’ըսէ թէ, ինք եւս սպառնալիքներ կը ստանայ։ Նամակներէն մէկուն մէջ կ’ըսուի. «Յայտնի դարձաւ, որ դուն հայ ես եղեր. ապօրէն զաւակ (փիճ)»։
Պոլսոյ պատրիարքը եւս Հինգշաբթի օր յայտարարութիւն մը ըրաւ ու ըսաւ, որ ցաւալի է տեսնել, թէ Տինքին սպանութիւնը կարգ մը շրջանակներու կողմէ կը գործածուի իբրեւ քաղաքական ատաղձ։ «Յուսամ օր մը պիտի հասկնանք, թէ այս ոճիրի վարագոյրին ետին ովքեր կան։ Մեր կարելին պիտի ընենք պայքարելու համար բոլոր անոնց դէմ, որոնք պիտի խափանեն հայ-թուրք երկխօսութիւնը», ըսաւ պատրիարքը։