Հայց. Առաքելական եկեղեցին Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց զօրավարաց հաւատամարտի անմահ յիշատակը ամէն տարի հանդիսաւորապէս կը տօնախմբէ եկեղեցական արարողութիւններով, պատարագով, ժողովրդային ձեռնարկներով եւ աշակերտական հանդիսութիւններով։
Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին, որ տօնն է նաեւ Հայ քահանայութեան, Ազգային առաջնորդարանը տարիներու աւանդութեան համաձայն, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ, եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն՝ հոգեւորականաց համագումար կը կազմակերպէ, եկեղեցական արարողութիւն, նախատօնակ կը կատարէ եւ Ս. Պատարագ կը մատուցանէ, հոգեւոր խորհրդածութեան, լսարանային պահեր եւ դաստիարակչական բնոյթի դասախօսութիւններու կը ձեռնարկէ։ Իսկ ամէն երկու տարին անգամ մը, հոգեւորականաց այս համագումարը կը համախմբէ Հիւսիսային Ամերիկայի մեր երեք թեմերու առաջնորդներն ու հոգեւորականները։ Միացեալ համագումարը հերթաբար կը հիւրընկալուի երեք թեմերէն մէկուն կողմէ։
Այս տարի, համագումարը տեղի պիտի ունենայ մեր թեմին մէջ, գլխաւորութեամբ երեք թեմակալ առաջնորդներուն՝ Օշական արք. Չօլոյեանի (Արեւելեան թեմ), Խաժակ արք. Յակոբեանի (Քանատայի թեմ) եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի (Արեւմտեան թեմ), եւ հիւրընկալութեամբ թեմիս առաջնորդ սրբազան հօր եւ Կրօնական ժողովին, մասնակցութեամբ երեք թեմերու հոգեւորականաց դասերուն։
Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից յիշատակին նուիրուած հոգեւորականաց եռօրեայ համագումարը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Փետրուար 12էն Չորեքշաբթի 14 Փետրուար 2007, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Համագումարի բնաբանն է «Նախանձախնդրութիւն» (Սաղմոս 69: 9, Յովհաննէս 2:17), եւ պիտի ընդգրկէ օրակարգի հետեւեալ նիւթերն եւ հարցերը։
Ա.- Առաւօտեան, արեւագալի եւ երեկոյեան ժամերգութիւններ, հոգեւոր խորհրդածութեան պահեր, Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առթիւ նախատօնակ եւ Ս. Պատարագ։ Տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 13 Փետրուարի առաւօտուն, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ յաւուր պատշաճի պիտի քարոզէ արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան։
Բ.- Հովուական, ծիսական, վարչական կեանքէ բխած մտահոգութիւններ եւ ընդհանրական հարցերու քննարկում։
Գ.- Կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսումնական ծրագրի եւ ուղեցոյցի քննարկում։
Դ.- Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ (2-3 Դեկտ.) կայացած զրոյց երիտասարդութեան հանդիպումին՝ «Քու եկեղեցիդ, ապագադ, մասնակցէ՛» արծարծուած նիւթերու եւ առաջադրանքներու լոյսին տակ Հայ եկեղեցւոյ վերազարթօնքին նպաստող անհրաժեշտ ազդակներու (հոգեւոր-կրթական-կազմակերպչական) քննարկում։
Ե.- Քրիստոնէական դաստիարակութեան ծիրին մէջ, միջ-թեմական հոգեւոր, կազմակերպչական, հրատարակչական, փոխադարձ հարստացման նպաստող ծրագիրներու եւ աշխատանքներու քննարկում։
Զ.- Հոգեւոր հարստացման նպաստող դասախօսութիւններ եւ զեկոյցներ։
Է.- Տեառնընդառաջի տօնին առիթով, Երեքշաբթի, 13 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 7ին, նախատօնակի երեկոյեան ժամերգութիւն եւ անդաստան-խարոյկահանդէս, նախագահութեամբ երեք թեմակալ առաջնորդներուն եւ մասնակցութեամբ երեք թեմերու հոգեւորականաց դասերուն, հաւատացեալ ժողովուրդին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն։ Պիտի քարոզէ Խաժակ արք. Յակոբեան։
Ը.- Այցելութիւն Ազգային առաջնորդարանի նորակառոյց շէնք, Չորեքշաբթի, 14 Փետրուարին. առաւօտեան ժամերգութիւն Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան մէջ, ապա նաեւ այցելութիւն ազգային «Վ. եւ Ա. Շամլեան» ազգ. վարժարան, ուր նախատեսուած է աշակերտական տօնախմբութիւն, նուիրուած Ս. Վարդանանց հերոսամարտին։
Վստահ ենք, որ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը խուռներամ ներկայ պիտի ըլլայ եկեղեցական արարողութեանց, միասնաբար աղօթք բարձրացնելու Ս. Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց նահատակներու յիշատակին ու վերանորոգելու անոնց պատգամին հաւատարմութեան ուխտը։