ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Սինոփսիս» ընկերութեան կողմէ Հայաստանի մէջ արհեստագիտութիւններու ոլորտին յատկացուած ներդրումներու ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ շուրջ 360 միլիոն տոլար:
Ըստ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան լրատուական ծառայութեան, ընկերութիւնը կ’աջակցի նաեւ Հայաստանի մէջ կրթական ծրագիրներու զարգացումին՝ գործակցելով Հայաստանի պետական ճարտարագիտական (ՀՊՃՀ), Երեւանի պետական (ԵՊՀ) եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարաններուն հետ (ՀԱՀ): Այս գործակցութեան արդիւնքով, տարբեր կրթական ծրագիրներու 186 շրջանաւարտներու մեծ մասը արդէն կ’աշխատի ընկերութեան մօտ, կազմելով «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան անձնակազմին մօտաւորապէս 40%ը: