ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Պաշտօնական տեղեկագիր»ով, Յունուար 17ին հրապարակուեցաւ ընտրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքը: Համաձայն օրէնքի անցումային տրամադրութիւններուն, ան ի զօրու պիտի ըլլայ պաշտօնական հրապարակման յաջորդող տասներորդ օրը:
Յիշեցնենք, որ օրէնքը ի զօրու դառնալէ յետոյ՝ երկօրեայ ժամկէտի ընթացքին, լիազօր մարմինը (ոստիկանութեան անձնագրային եւ հրաւէրներու վարչութիւնը) Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին պէտք է տրամադրէ ընտրողներու արձանագրութիւններու ցանկերուն մէջ ընդգրկուած ընտրողներուն թիւը՝ ըստ ընտրատարածքներու եւ ընտրատարածքին մէջ ընդգրկուած համայնքներուն:
ԿԸՅ դատական ծառայող անդամի տուեալները, որ կը նշանակուի դատարաններու նախագահներու խորհուրդի կողմէն, նախագահի աշխատակազմ պէտք է ներկայացուի օրէնքի ի զօրու դառնալէն յետոյ՝ 7 օրուան ընթացքին, իսկ ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովներու անդամներու տուեալները՝ ԿԸՅ անդամի նշանակումէն յետոյ՝ 10 օրուան ընթացքին: Ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ ընդգրկուած դատական ծառայողներու մասնագիտական դասընթացքները պէտք է կազմակերպուին մինչեւ 2007ի Ապրիլ մէկ: