ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրաք կատարած պաշտօնական այցելութենէն ետք Երեւան վերադառնալով, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ յայտարարեց, թէ «մեր տղաները լաւ են, որեւէ առանձնակի խնդիր չունեն, մարտական խնդիրները կատարում են, բարոյահոգեբանական մթնոլորտը գերազանց է, պատրաստ են շարունակելու իրենց առաքելութիւնը: Նրանք շատ լաւ գիտակցում են, որ մասնակցելով խաղաղապահ առաքելութեանը՝ ներկայացնում են հայկական զինուած ուժերը, Հայաստանը, եւ որ նաեւ իրենցով պէտք է ճանաչեն մեր զինուած ուժերը եւ մեր երկիրը»:
Լեհական զօրաբաժինի եւ հայկական խաղաղապահ գումարտակի հրամանատարները նախարարին ներկայացուցած են կացութիւնը: Ս. Սարգսեան Իրաքի մէջ այցելած է նաեւ զօրախումբի զօրանոցը եւ տեսակցած՝ զինուորներուն եւ սպաներուն հետ:
Համախոհական ուժերու ղեկավարութեան հետ հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը համոզուած է, որ Իրաքէն զօրքերը դուրս բերելու նպատակ չկայ: Ըստ իրեն, համախոհութեան ուժերու ղեկավարութեան կարծիքով, 2007ի գարնան որոշ նահանգներու հսկողութիւնը կը յանձնուի Իրաքի կառավարութան:
Սերժ Սարգսեան ըսաւ նաեւ, որ ԱԺը պէտք է քննարկէ Իրաքի կայունացման ուժերու կազմէն ներս բազմազգ զօրաբաժինի ղեկավարման եւ նման այլ հարցերու կարգաւորման մասին փոխըմբռնման յուշագրի լիազօրութեան ժամկէտը երկարաձգելու հարցը, որ ըստ իրեն անհրաժեշտութիւն է:
Ս. Սարգսեանը հանդիպած է նաեւ Իրաքի մէջ բազմազգ ուժերու եւ ամերիկեան ուժերու հրամանատար զօր. Ճորճ Քէյսիի հետ, իսկ Իրաքի պաշտպանութեան նախարարին հետ քննուած են գործակցութեան խնդիրներ:
Համախոհութեան ուժերու հրամանատարներու կարծիքով, հայկական զօրախումբի մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է. փոքր, բայց լաւ անձնակազմը պատուով կը կատարէ իր առաքելութիւնը: