ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14ին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան փորձեց մեղմացնել մէկ օր առաջ հանրապետութեան նախագահ Ահմատ Նէճտէթ Սէզէրի հասցէին կատարած իր ծանր քննադատութիւնները, որոնք կ’առնչուէին կանխահաս ընտրութեանց դիմելու նախագահին կատարած առաջարկին:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Էրտողան անուն չէր տուած, սակայն բացայայտ էր, որ քննադատութիւնները ուղղուած էին նախագահին:
Նախագահ Սէզէր, որ Հինգշաբթի օր Էրտողանի հետ հերթական հանդիպում մը ունեցաւ, իր մտահոգութիւնը յայտնած է Էրտողանի այդ խօսքերուն առնչութեամբ, սակայն վարչապետը պատասխանած է, թէ ինք նախագահին չէր ակնարկած, այլ՝ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն։