Երրորդ տարին ըլլալով, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղը կազմակերպեց ընթացաւարտ վարչութեան անդամներու գնահատանքի ճաշը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30ի կէսօրին։
Ընկերուհիներու աշխատանքը գնահատելու լաւագոյն առիթ մըն է արդէն սովորոյթի կարգ անցած այս հաւաքոյթը։ Զայն հաճելի եւ ընկերական ջերմիկ մթնոլորտի մը վերածելու համար ջանք չէին խնայած նորընտիր վարչութեան անդամները։ Նշենք, որ այս տարեշրջանի վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէ՝ Ռոզ Սուքիասեան (ատենապետուհի), Արեգնազ Խաչատուրեան (փոխատենապետուհի), Ալիս Վարժապետեան (քարտուղարուհի), Ովսաննա Քէքլուքեան (գանձապահուհի) եւ Անահիտ Քենտիրճեան (խորհրդատու)։
Առ ի գնահատանք «Մայր» մասնաճիւղի վարչութեան մէջ տարած իրենց կամաւոր աշխատանքին, յուշատախտակներով պարգեւատրուեցան ընթացաւարտ վարչութեան հետեւեալ անդամները՝ Ալիս Եղիայեան, Արշալոյս Տանըշեան եւ Լուսիկ Օհաննէսեան, իսկ Վերժին Բարսեղեան եւ Արուսեակ Եարալեան բացակայ էին հաւաքոյթէն։
Ներկաները ողջունեց եւ վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետուհի՝ Ռոզ Սուքիասեան։ Ան ջերմօրէն դրուատեց անցեալ տարեշրջանի վարչութեան անդամներու տարած աշխատանքը, որ փայլուն կերպով դրսեւորուեցաւ տարեկան գործունէութեան մէջ։ Իր կարգին խօսք առաւ մասնաճիւղի բազմավաստակ անդամներէն Մարթա Թիթիզեան, որ մասնաճիւղի ընկերուհիներու անունով դրուատեց զանոնք, որ գլխաւորութեամբ Ալիս Եղիայեանի, անցեալ տարեշրջանին տարին յոյժ գնահատելի աշխատանք։
Շնորհակալական խօսք ուղղեցին ընթացաւարտ վարչութեան ատենապետ՝ Ալիս Եղիայեան, որ նշեց, թէ իւրաքանչիւր ՀՕՄուհիի պարտականութիւնն է օգտակար հանդիսանալ իր մասնաճիւղի եւ ընդհանրապէս՝ Հայ օգնութեան միութեան աշխատանքներու հեզասահ ընթացքին ու միութեան վերելքին։
Սոյն հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօնա Փելթէքեան, որ շնորհաւորեց նորակազմ վարչութիւնը, յաջողութիւն մաղթելով իրենց աշխատանքներուն։ Ապա տեղեկութիւններ հաղորդեց Շրջ. վարչութեան ներկայ եւ գալիք աշխատանքներու վերաբերեալ, քաջալերելով ներկաները, որպէսզի նեցուկ կանգնին յօգուտ հայրենիքի տարուող ՀՕՄի բազմազան ծրագիրներուն։
Հաւաքոյթը իր աւարտին հասաւ պինկոյի խաղով եւ վիճակահանութեամբ, որմէ ներկաները հեռացան հաճելի տպաւորութեամբ։
Հոկտեմբեր 13, 2006