ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեան Հոկտեմբեր 18ին ընդունեց իգական սեռի ճատրակի Եւրոպայի ակումբային ախոյեան «Միկա Երեւան» խումբի անդամներ Մայեա Չիպուրտանիծէն, Էլինա Դանիէլեանը, Նինօ Խուրցիծէն եւ Նելլի Աղինեանը, որոնք յաղթանակով վերադարձան Աւստրիոյ Ինսպրուք քաղաքին մէջ կազմակերպուած ախոյեանութենէն:
Աժ նախագահ Տիգրան Թորոսեան շնորհաւորեց ճատրակի մարզիկուհիները՝ փայլուն յաջողութեան համար եւ այս նուաճումը որակեց հայ-վրացական միացեալ յաջողութիւն: Ան ընդգծեց նաեւ խումբի հովանաւոր Միքայէլ Բաղդասարովի մեծ աւանդը ոչ միայն տնտեսութեան զարգացման, այլեւ՝ մարզական ոլորտին մէջ:
Հայկական ակումբի յաղթանակը բարձր գնահատելով՝ Միքայէլ Բաղդասարով շնորհակալութիւն յայտնեց Աժ նախագահին՝ ընդունելութեան համար, որ կը վկայէ, թէ ինչ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ պետութիւնը մարզական ոլորտի զարգացման:
«Միկա Երեւան»ի ճատրակիստուհիներ Մայեա Չիպուրտանածէն եւ Էլինա Դանիէլեան խումբի կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեցին Աժ նախագահին՝ ճատրակի եւ իրենց նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան համար:
ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեան ճատրակի զարգացման մէջ ունեցած ներդրումի համար Ազգային ժողովի պատուոգիր յանձնեց Միքայէլ Բաղդասարովին, իսկ «Միկա Երեւան» խումբի մարզիկները պարգեւատրեց անուանական ժամացոյցներով: