ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14ին իր նախարարութեան ամավարկին քննարկման ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման նոր ձեռնարկներու:
Կիւլ այս յայտարարութիւնը ըրաւ պատասխանելով ընդդիմադիր երեսփոխան Շիւքրիւ Էլէքտաղի ելոյթին: Էլէքտաղ, որ կատաղի թշնամանք ունի հայերու նկատմամբ, ըսաւ, որ կառավարութիւնը միջազգային ատեաններու պէտք է դիմէ, որպէսզի կանխէ հայկական կողմի այն աշխատանքները, որոնց շնորհիւ հայերը Ցեղասպանութեան ճանաչում կ’ուզեն ապահովել: «Եթէ Թուրքիա Իրաւարարական միջազգային ատեանի ճամբան ընտրէ, հայերը պիտի մերժեն ու Թուրքիա այս կերպով բարենիշ պիտի շահի», ըսաւ ան։
Կիւլ պատասխանեց, որ այս ուղղութեամբ խորհրդակցութիւններ կը կատարուին թուրք կամ օտար իրաւագէտներու հետ։ Կիւլ դիտել տուաւ, որ յառաջիկայ տասը տարիներու ընթացքին Թուրքիա հայկական պնդումներուն հետեւանքով շատ լուրջ հարցեր պիտի դիմագրաւէ այլ երկիրներու հետ եւս։ Նախարարը յիշեցուց, որ Թուրքիա Երեւանին առաջարկած էր պատմաբաններու հասարակաց յանձնախումբ մը կազմել Ցեղասպանութեան հարցի քննարկումին համար։ Այդ առաջարկը երրորդ երկիրներու եւս ուղղուած է, ըսաւ Կիւլ, դիտել տալով, որ բազմաթիւ երկիրներ համաձայն գտնուած են Թուրքիոյ կողմէ կատարուած առաջարկին։
Էլէքտաղ ըսաւ, որ հայերը պիտի չկարենան փաստել, թէ ցեղասպանութիւն մը կատարուած է, որովհետեւ անոնք պիտի չկարենան ներկայացնել փաստաթուղթ մը, որ ցոյց պիտի տայ, թէ հայերը սպաննուած են պարզապէս հայ ըլլալուն համար։ «Մինչդեռ Թուրքիա ի ձեռին ունի փաստաթուղթեր, որոնք ցոյց կու տան, որ պատահարները եղած են ինքնապաշտպանութեան համար եւ յետին նպատակ մը չկար տեղահանութեան գործադրութեան ընթացքին», ըսաւ ան։
Յիշեցնենք, որ Էլէքտաղ կողմնակից եղած էր, որ Թուրքիա Անգլիոյ Լորտերու պալատ դիմէ «Կապոյտ գիրք»ին դէմ բողոքելու համար, քայլ մը, որ ձախորդ արդիւնք տուած էր։
Կիւլ արտայայտուեցաւ նաեւ Իրաքի ու Կիպրոսի հարցերուն մասին։ Ան ըսաւ, որ ահաւոր դժուարութիւններ կը ստեղծուին, եթէ Իրաք բաժնուի։ Գալով այն առաջարկին, թէ թուրքերը պէտք է հողային «զիջում» կատարեն գրաւեալ Կիպրոսի մէջ, Կիւլ ըսաւ, որ «խելք ունեցող ոեւէ մէկը այսպիսի առաջարկ մը չի կրնար ընդունիլ»։