Տնտեսական արտաքին յարաբերութիւններ թրքական կազմակերպութեան խորհրդակցական հաւաքին խօսք առնելով, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ խոստովանեցաւ, որ այս անգամ դժուար է խոչընդոտել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը Ամերիկայի Քոնկրէսին մէջ:
Ըստ թրքական «Միլլիյէթ» թերթին, Կիւլ, որ նաեւ կը գլխաւորէ «Անհիմն ցեղասպանութեան պնդումներու դէմ պայքարը համակարգող թրքական յանձնաժողով»ը, յիշեալ աշխատանքային խմբակի վերջին ժողովին յայտարարեց, թէ «երեք տարի շարունակ, արխիւներու շուրջ փոխանակումներէն ոչինչ ձեռք ձգուած է եւ անհրաժեշտ է ուրիշ բան մը ընել… Ամերիկայի մէջ, ներկայիս, կացութիւնը շատ ժխտական է եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը խոչընդոտելը Թուրքիոյ կողմէ գործնականին մէջ անկարելի է»:
Նոյն այս յանձնաժողովի նիստին, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ Կիպրոսի, Ամերիկայի եւ Եւրոմիութեան հարցերով թուրք պաշտօնատարներ, Կիւլ ըսաւ, որ երեք տարի առաջ, «ցեղասպանութեան մասին պնդումները ուսումնասիրելու նպատակով» Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ երրորդ երկիրներու պատմաբաններէ խառն յանձնաժողով կազմելու առաջարկը ոչ Հայաստանի եւ ոչ ալ այլ երկրի մը կողմէ ընդունուած է: