Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2006ի առաւօտուն, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանի Էնսինոյի առժամեայ գրասենեակին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի վարչութեան անդամներէն, ատենապետուհի՝ Մարիա Մեհրանեանի, փոխատենապետ՝ Արա Ակիշեանի, վարիչ տնօրէն՝ Սարգիս Գոթանճեանի եւ զարգացման տնօրէն՝ Կրէկ Պոյրազեանի, խորհրդակցելու հիմնադրամի 2006 տարուան թելեթոնին Ազգային առաջնորդարանի ու իր յարակից մարմիններուն զօրակցութեան ու մասնակցութեան մասին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Բեգլար Փիլաւճեան, իբրեւ Ազգային առաջնորդարանի ներկայացուցիչ։
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր գնահատանքն ու քաջալերանքը յայտնելով հիմնադրամի պատասխանատուներուն, յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ թելեթոնին, որ այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ Ամերիկայի Գոհաբանութեան օրը։