Երէկ իրիկուն, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ, կազմակերպութեամբ «Համազգային»ին, ներկայացուեցաւ դէպի Արեւմտահայաստան կատարուած ուխտագնացութիւն մը՝ նկարներով: Զաւէն Խանճեան հանրութեան ներկայացուց Պոլիսէն մինչեւ Կարս ու Անի իր ու խումբ մը այլ հայորդիներու «տուն այցելութիւնը»՝ լեցուն սրահի մը առջեւ, ուր նոյնիսկ պատերուն տակ ոտքի կեցած էին հանդիսատեսներ, հաւանաբար 100 հոգի: Սակայն կրնանք իբրեւ ականատես վկայել, որ նոյնքան թիւով ուրիշներ տխուր-տրտում, ոմանք զարմացած, ոմանք ալ… զայրացած, տուն վերադարձան, որովհետեւ նոյնիսկ ոտքի կենալու տեղ չկար եւ սրահի պատասխանատուները սրահին դուռները փակած էին:
Նմանօրինակ երեւոյթ մը պարզուած էր մօտաւորապէս երեք ամիս առաջ, նոյն սրահին մէջ, դարձեա՛լ նմանօրինակ ձեռնարկի մը առիթով, երբ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան լուսապատկերներով կը ներկայացնէր Արեւմտահայաստան այցելութեան ի՛ր փորձառութիւնը:
«Զարմանալի» է, չէ՞, ոչ ձրի համերգ էր, ոչ ալ բաց հրաւէրով կոչունք-կերուխում: Սակայն՝ ընդառաջողները խուռներամ էին:
Ո՞ւր էր գաղտնիքը զոյգ ձեռնարկներուն պարզուած այս երեւոյթին, փրոֆ. Յովհաննէսեանի հմա՞յքը, «Համազգային»ի կազմակերպչական աշխատա՞նքը, Զ. Խանճեանի բարեկամներու լայն շրջանա՞կը:
Մեր կարծիքով, այս բոլորը հաշուի առնելով իսկ, այս պարագային ատոնք կը մնան երկրորդական ազդակ՝ միաժամանակ յարգելի ըլլալով հանդերձ:
Թէ՛ երեք ամիս առաջ եւ թէ երէկ երեկոյ արձանագրուած իր տեսակին մէջ այս իւրայատուկ յաղթանակը Արեւմտահայաստանինն էր: Սա ցոյց կու տայ, որ մեր ժողովուրդի մտքին, սրտին ու հոգիին մէջ ինչքան դրական իմաստով ներկայ է մեր հայրենիքի բռնագրաւուած հատուածը՝ Կարսը, Մուշը, Արաբկիրը, Խարբերդն ու Անին: Սա ցոյց կու տայ, որ Արեւմտահայաստանը միայն հեռու-հեռաւոր ու վերացական խորհուրդ մը չէ, այլ՝ ոգեշնչող ու մանաւանդ՝ տունդարձի սպասող հարազատ հող: Սա ցոյց կու տայ, որ Արեւմտահայաստանը ապրող ու ներշնչող ազդակ է այն ամերիկահայութեան համար, որ յատկապէս այս օրերուն վճռած է իր խօսքն ու ձայնը հասցնել Քոնկրէս ու հոն, գէթ այդ հարթակին վրայ պարտութեան մատնել բռնագրաւողը: Այո՛, երէկ իրիկուան բուն յաղթականը Արեւմտահայաստանն էր: Պարոնայք Պուշ եւ Էրտողան, կը լսէ՞ք: