ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէի քաղաքական հարցերու խորհրդական Ահմար Եուսէֆ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19ին լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ կը գրէ, թէ «Համաս»ի ղեկավարութիւնը երբեք չէր երեւակայեր, որ ժողովրդավարական ընտրութիւններով իշխանութեան գլուխ անցնելէ ետք միջազգային համայնքը այսքան ճնշում պիտի բանեցնէ պաղեստինեան իշխանութեան վրայ, այդ ճնշումները անարդար նկատելով:
Մէկ օր առաջ, «Համաս»ի անդամ եւ պաղեստինեան իշխանութեան ներքին գործոց նախարար Սայիտ Սէյամ յայտարարեց, թէ «Համաս»ի գլխաւորած կառավարութեան ճակատագիրը վճռելու համար նախագահ Մահմուտ Ապպասի կողմէ ճշդուելիք որեւէ հանրաքուէ «պետական հարուած» պիտի նկատուի։
«Նախագահ Մահմուտ Ապպաս իրաւասութիւններ ունի, այո՛, եւ կրնայ օրէնքի սահմաններուն մէջ այդ իրաւասութիւնները օգտագործել, բայց ներկայ կացութիւնը իրաւասութիւններու չի վերաբերիր: Հանրաքուէն պետական հարուած պիտի ըլլայ կառավարութեան վաւերականութեան դէմ», ըսաւ Սէյամ։
Ապպաս յայտարարած էր, թէ «Համաս»ի կառավարութեան ապագային մասին շուտով որոշում պիտի կայացնէ եւ թէ հաւանաբար հանրաքուէ մը կատարելու կոչ ընէ։
Իշխանութեան համար պայքարը յօդս ցնդեցուցած է ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու յոյսերը, որու միջոցաւ պաղեստինցիները կ’ակնկալէին պաղեստինեան իշխանութեան դէմ որդեգրուած միջազգային շրջափակումին վերցուիլը:
Յայտնենք, թէ միջպաղեստինեան բախումներ այս ամիս պատճառած են 18 զոհեր։