ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ եւ Արմէն Արոյեանի կատարողութեամբ, իսլամացած հայերու մասին ժապաւէնի ցուցադրութիւն մը տեղի ունեցաւ 21 Յունուար 2007ին, Կիրակի երեկոյեան ժամը 4ին, «Ֆերահեան» ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ:
Յանձնախումբի պատասխանատու Անահիտ Մէյմարեան նախ ներկաներէն խնդրեց, որ մէկ վայրկեան լուռ եւ յոտնկայս յարգեն յիշատակը Հրանդ Տինքին (ոճիրի զոհ գացած երկու օր առաջ), ապա իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Հրանդ Տինք կը փափաքէր, որ Թուրքիոյ մէջ խօսքի եւ խղճի ազատութիւն տիրէ, որպէսզի 2-3 միլիոն բռնի իսլամացած հայերը կարենան իրենց իսկութիւնը յայտնել եւ այդպիսով մեր փոքրիկ ազգին թիւը բարձրացնել…:
Ասկէ ետք, գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ: Յասմիկ Անանեան եւ Սօսի Փօլատեան, իրենց քաղցր ձայներով, յաջորաբար մեներգեցին «Բարի արագիլ» եւ «Մուրազ ձին» երգերը, իսկ Միմի Թովմասեան եւ Անահիտ Մէյմարեան՝ յաջորդաբար, ասմունքեցին Յովհաննէս Թումանեանի «Լուսաւորչի կանթեղը» եւ Վահան Տէրեանի՝ սոյն բանաստեղծութիւնը՝ «Մի խառնէք մեզ ձեր վայրի, արջի ցեղերին/Մեր երկիրը աւերուած, բայց սուրբ է հին…»
Միմի Թովմասեան նաեւ ներկայացուց Արմէն Արոյեանի կենսագրական ամփոփ գիծերը: Արմէն Արոյեան ծնած է Եգիպտոս: Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն (USC) Մագիստրոսի տիտղոս ձեռք բերած է ելեքտրական ճարտարագիտութեան մէջ, ինչպէս նաեւ MBA: 24 տարի հանրածանօթ McDonnel Douglas ընկերութեան մէջ աշխատած է: 1990էն սկսեալ Հայ ժառանգութեան շրջապտոյտներու ընկերակցութիւնը (Armenian Heritage Society Tours) հիմնած է եւ իր ամբողջ ժամանակը ուխտագնացութիւններ կազմակերպելու կը յատկացնէ:
Արմէն Արոյեան նախ 15 վայրկեան Հրանդ Տինքի մասին սահիկներ ցոյց տուաւ:
Հոգեցունց ժապաւէնին մէջ, ապա, տեսանք իսլամացած հայեր Խարբերդէն, Այնթապէն, Տարէնտէէն եւ Արաբկիրի շրջան՝ Աղընէն: Տեսանք նաեւ համշէնցի գեղադէմ պատանիներ, աղջիկներ, կիներ, մարդիկ, որոնք Սեւ ծովու մօտերը, լեռներու լանջերուն, կանաչներու մէջ թաղուած, իրարմէ հեռու տուներու մէջ կ’ապրէին ու լերան ստորոտը զուլալ ջուրի առուակներ կը հոսէին: Անոնց բարբառին մէջ հայկական բառեր կային եւ կապը չէին խզած հայ ազգին հետ:
Յուզիչ էր աղընցի մայրիկին «Հայր մեր» եւ այլ աղօթքներ մրմնջելը, զորս մանկութենէն սորված ու չէր մոռցած, իսկ ճիպինցի կոյր հայ ծերուկին «Կիլիկիա» երգին երեք տուները երգելը արցունքով լեցուց ներկաներուն աչքերը…: Այս բոլորը անկարելի պատմութիւն կը թուի ըլլալ, բայց հարիւր առ հարիւր իրական հայոց պատմութիւն է…:
Ժապաւէնի վերջաւորութեան, որ 90 վայրկեան տեւեց, ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Անի Կիրակոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէն Արոյեանին՝ այս եզակի հայորդիին, որ 1983էն ի վեր ամէն տարի պատմական Հայաստան եւ Կիլիկիա կ’երթայ, ուսումնասիրութիւններ կ’ընէ, խումբեր կը տանի եւ այսպիսով հայաթափուած հայրենքին սէրը մեր մէջ վառ կը պահէ:
Առ ի երախտագիտութիւն, ատենապետուհի Կիրակոսեան Արմէն Արոյեանին նուիրեց իր մասնաճիւղի անդամուհիներուն հեղինակած գիրքերը՝ հայրենի վաստակաւոր երգչուհի՝ Աննա Նշանեանի գեղատիպ «Երգը յուշերուս» մեծածաւալ հատորը եւ Անահիտ Մէյմարեանի «Իմ սուրբ հայրենիք» գիրքը:
Իսկապէս տխուր, բայց շատ իմաստալից երեկոյ մըն էր, որ կարելի չէ մոռնալ: