ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ, «Էյ.Փի.».- Անցեալ շաբաթ Թուրքիա այցելած Համաշխարհային դրամատան տնօրէն Փօլ Ուոլֆոուից նեղ կացութեան մատնուած էր, երբ արեւմտեան Թուրքիոյ Էտիրնէ քաղաքին մզկիթը մտնելու ընթացքին պարտադրուած էր կօշիկները հանելու: Լուսանկարիչները շուտով բացայայտած էին, որ անոր գուլպաները ծակ էին եւ թրքական ընկերութիւն մը արդէն իսկ երկվեցեակ զոյգ գուլպայ ղրկած է անոր:
Նկարին մէջ, Ուոլֆոուից ու անոր ծակ գուլպաները: