ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսացի գործարարներու համադաշնակցութեան ղեկավար Լորանս Փարիզոն յայտարարեց, որ ֆրանսացի օրէնսդիրներ անպատասխանատուութիւն ցուցաբերած են՝ ընդունելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը հերքողներուն դէմ պատիժ սահմանող օրինագիծը։
«Ոեւէ մէկը չի կրնար նման բան ընել, առանց մտածելու անոր հետեւանքներուն մասին», նշեց ան։
«Գործարարները չէ, որ պէտք է զբաղին պատմութիւնը գրելով, բայց ոչ ալ երեսփոխանները պէտք է անով զբաղին» ըսաւ Փարիզոն։
Ան նաեւ յայտնեց, որ Պրիւքսէլի մէջ մտադիր է այդ հարցը քննարկել Թուրքիոյ գործարարներու համադաշնակցութեան նախագահ Էօմէր Սապանճըի հետ։