ՀՕՄի երկարամեայ անդամ Ազնիւ Սապունճեան 25,000 տոլար նուիրեց ՀՕՄի Հարիւրամեակի հիմնադրամին, ըսելով. «Կը հաւատա՛մ Հայ օգնութեան միութեան առաքելութեան եւ անոր մարդասիրական բոլո՛ր աշխատանքներուն, ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Սփիւռքի տարածքին: Մեծապէս կը գնահատեմ ՀՕՄի գործունէութիւնը՝ բոլոր երկիրներու մէջ… Եւ հպարտ կը զգամ, որ այդ միութեան կը պատկանիմ», հաղորդեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը: Մօտ 50 տարի առաջ, Սուրիոյ մէջ, Ազնիւ Սապունճեան անցած է ՀՕՄի շարքերը։ Երբ, 28 տարիներ առաջ կը փոխադրուի Քալիֆորնիոյ Սան Տիէկօ քաղաքը, ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նոյն քաղաքի ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի հիմնադրութեան։ Ան եօթը տարիներէ ի վեր կը բնակի Լոս Անճելըս, եւ անդամ է ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու «Սիփան» մասնաճիւղին։
Ազնիւ Սապունճեանի ամենաջերմ փափաքն է, որ իր 25,000 տոլար նուիրատուութիւնը օրինակ հանդիսանայ ՀՕՄի այլ ընկերուհիներու եւ համակիրներու, որոնք, նոյնպէս, կ’ուզեն ապահովել ՀՕՄի մարդասիրական աշխատանքներուն բարձր որակը՝ առատաձեռնօրէն մասնակցելով Հայ օգնութեան միութեան Հարիւրամեակի հիմնադրամի համահայկական հանգանակութեան։
«Կոչ կ’ուղղեմ բոլորի՛ն, տալու իրենց կարողութեան համեմատ (ոչ ամէն ոք կարող է բարձր գումարներով մասնակցիլ), սակայն, ամէն մէկս կարող ենք որոշ գումար մը տալ, որոնց ընդհանուր գումարը կրնայ հասնիլ այնպիսի մակարդակի, որուն վրայ յենած՝ կարելի ըլլայ իրականացնել միութեան ներկայ ու ապագայ ծրագիրները։ ՀՕՄը մեր հպարտութիւնն է», աւելցուց ան յուզումով, «շուտով, ան 100 տարեկան պիտի ըլլայ։ Մինչ այդ, յոյսով եմ, որ պիտի կարենանք 5 միլիոն տոլարի հիմնադրամը գոյացնել»:
Հայ օգնութեան միութեան Հարիւրամեակի հիմնադրամը հաստատուած է որպէս 2010 թուին Հարիւրամեակի հանդիսութեանց կարեւոր մէկ ծրագիրը։ Հիմնուած Նիւ Եորքի մէջ, 1910ին, ՀՕՄը ամենահին ու ամենամեծ հայ կնոջական կազմակերպութիւնն է, որ կը ծառայէ հայ ժողովուրդի ընկերային եւ մարդասիրական կարիքներուն՝ աշխարհի 24 տարբեր երկիրներու մէջ։
ՀՕՄը նպատակադրած է այս հիմնադրամին համար հաւաքել առնուազն 5 միլիոն տոլար՝ որուն շահարկումով կարելի պիտի ըլլայ ամրապնդել ու ընդարձակել իր ներկայ ու ապագայ ծրագիրները՝ իր մարդասիրական գործունէութիւնը տարածելով ամէնուրեք՝ ուր կարիքը կը զգացուի անոր բարեխնամ օգնութեան։
ՀՕՄի Հարիւրամեակի հիմնադրամին նուիրատուութիւն մը ընելու համար, այցելեցէ՛ք Հայ օգնութեան միութեան կայքէջը.- www.ars1910.org եւ բացէք հարիւրամեակի դրամահաւաքի էջը, ուր կը գտնէք հարկ եղած ցուցմունքները։ Նուիրատուները կարող են նաեւ է-նամակով կապուիլ հետեւեալ հասցէին.- manager@ars1910.org, կամ հեռաձայնել ՀՕՄի Կեդրոնական գրասենեակի հետեւեալ թիւին՝ (617) 926-5892, յաւելեալ տեղեկութիւններու համար նուիրատուութիւններու այլազան ձեւերու մասին, հողաշերտ, շէնք, արժեթուղթ, եւն: