Շաբաթ, 3 Փետրուար 2007ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղը պարգեւատրեց իր արժանաւոր անդամներէն եղբ. Վիգէն Աբէլեանը, երկար տարիներ մասնաճիւղի աշխատանքներու յաջողութեանց մէջ իր բերած ահերքելի ներդրումին, անվերապահ նուիրումին եւ միութենական օրինակելի կեցուածքին համար:
Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 3 Փետրուար 2007ի երեկոյեան, Օրէնճ Քաունթիի «Կոլտըն նայթ» ճաշարանը, աւելի քան 200 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու եւ համակիրներու մասնակցութեամբ, որոնց կարգին էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբ. Մանուէլ Մարսէլեան, Շրջ. վարչութենէն ատենապետ եղբ. Սթիւ Արթինեան, մարզական պատասխանատու եղբ. Ժանօ Քահվէճեան, մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներ, անցեալի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Մասնաճիւղի վարչութեան անունով ներկաները ողջունեց ատենապետ քոյր Զարուկ Տէր Դաւիթեան, որ օրուան պաշտօնական հիւրերը ներկայացնելէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, մասնաճիւղին եւ ընդհանրապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ին հանդէպ ունեցած իրենց վստահութեան ու յարգանքին համար:
Ապա, տեղի ունեցաւ օրուան անակնկալը՝ եղբ. Վիգէն Աբէլեանի պարգեւատրումը, որ մեծապէս խանդավառեց ներկաները: Պարգեւատրման արարողութեան ընկերակցեցան Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչները: Երկարաշունչ ծափողջոյններով բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան մեծարեալ եղբ. Վիգէն Աբէլեանը, որ յուզումնախառն զգացումներով ստանձնեց իր գնահատանքի յուշանուէրը:
Անակնկալի եկած եղբայրը խոր շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատիւին համար:
«Իմ գիտելիքներս եւ փորձառութիւններս կը պարտիմ միութենական ընկեր-ընկերուհիներուս եւ ղեկավարներուս, որոնցմէ շատեր ներկայ են այս սրահէն ներս: Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեր երիտասարդութիւնը դաստիարակող լաւագոյն կազմակերպութիւնն է, ուր ոչ միայն կը սորվինք կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարել, այլ նաեւ իրաւ հայ մարդը կը կերտուի: Վստահեցէք ձեր զաւակները Հ.Մ.Ը.Մ.ին: Շնորհակալութիւն», ընդգծեց ան:
Այնուհետեւ, երեկոն խանդավառեցին սիրուած երգիչ Պետիկ Սիրանոսեան, «Լէյլա Լաթոս» պարախումբն ու Լիբանանէն ժամանած երիտասարդ սիրուած երգիչ Ֆատի Սուլթան:
Մթնոլորտէն եւ յատկապէս եղբ. Վիգէն Աբէլեանի պարգեւատրումէն գոհունակ, եղան նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն:
ԵՂԲ. ՎԻԳԷՆ ԱԲԷԼԵԱՆ
Եղբ. Վիգէն Աբէլեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Հայ Աւետարանական քոլէճը, իսկ համալսարանական ուսումը՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը (American University of Beirut), մասնագիտանալով հողագործական ղեկավարումի (Agricultural Management) ճիւղին մէջ:
Փոքր տարիքէն անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղին, իբրեւ սկաուտ, սակայն մարզականին հանդէպ յատուկ սէր ունենալով, խորացած է պասքէթպոլի մարզաճիւղին մէջ: Իր լաւ խաղարկութեան շնորհիւ, եղբայրը ընդգրկուած է նոյնիսկ Պէյրութի մասնաճիւղի պասքէթպոլի Ա. խումբին մէջ, որուն անդամակցութիւնը այդ օրերուն մեծ երազանք էր: Իբրեւ պասքէթպոլի սիրահար, երկար տարիներ աշխատած է իր մասնաճիւղի պասքէթպոլի յանձնախումբէն ներս:
1982ին, ամուսնացած է Նուարդ Էթէմէզեանի հետ, ապագային ունենալով երկու զաւակներ՝ Շանթ եւ Թալին, որոնք մինչեւ օրս իբրեւ սկաուտ եւ մարզիկ, գործօն մասնակցութիւն կը բերեն մասնաճիւղի սկաուտական եւ մարզական բաժանմունքներէն ներս:
Եղբ. Աբէլեան 1983ի սկիզբը վերջնականապէս փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: 1992ին, ընտանեօք անդամակցած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղին եւ 1992-98, եղբ. Աբէլեան ձեռնհասօրէն վարած է մասնաճիւղի ատենապետի պաշտօնը:
1998-2002 եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային տնտեսական յանձնախումբի անդամ, իսկ 2002-2006, յաջորդական երկու շրջաններ ընտրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ ստանձնած է մարզական թեւի պատասխանատուութիւնը:
Եղբ. Աբէլեան մեծ ներդրում ունեցած է յատկապէս Նաւասարդեան մարզախաղերու գլխաւոր առանցքը հանդիսացող մարզական թեւի զարգացման եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ:
1999ին, Լիբանանի մէջ մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին: Վերջին հինգ տարիներուն, շրջանի մարզական պատուիրակութիւնները գլխաւորած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քանատայի ձմեռնային մրցումներուն, ինչպէս նաեւ 2005ին՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն, Աթէնքի մէջ, Յունաստան:
Մեծ ներդրում ունեցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի database-ի եւ կայքէջի (website) ստեղծման, որոնց աշխատանքներուն մինչեւ օրս կը հետեւի: Ներկայիս անդամ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան կայքէջի յանձնախումբին:
Կը շնորհաւորենք եղբ. Վիգէն Աբէլեանը իր պարգեւատրման առիթով, մաղթելով, որ ան բարի օրինակ դառնալով հանդերձ, շարունակէ միութենական իր աշխոյժ գործունէութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս: