ՌԻԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Սէուտական Արաբիոյ ոստիկանութիւնը Քաթիֆի եւ Ճարուտիէի մէջ ձերբակալեց չորս քաղաքացիներ՝ լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան զօրակցելու յանցանքով։ Ականատեսներու համաձայն, ձերբակալուած սէուտցիները Ռամատանի աւանդական տօնակատարութեան մը իրենց մասնակցութեան ընթացքին բարձրացուցած էին «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի լուսանկարները եւ արձակած էին զայն փառաբանող լոզունգներ։
Այլ ականատեսի մը համաձայն, սէուտական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է նաեւ սիւննի համայնքին պատկանող քաղաքացի մը, որովհետեւ ան իր բնակարանին մէջ կախած էր Նասրալլայի լուսանկարը։