Այսօր 15ամեակն է 1991 Դեկտեմբեր 16ին Արցախի ազատագրման մարտերուն՝ Հասանաբադի մէջ Վարդան Բախշեանի եւ իր ընկերներուն նահատակուելուն:
1965 Յունիս 1ին ծնած Վարդան նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Արմաւիր քաղաքի թիւ 2 (այժմ Վարդան Բախշեանի անուան) դպրոցին մէջ: Վարդանի ուսուցիչները կը նշեն, որ ան դպրոցական տարիներուն յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է հայոց պատմութեան եւ ազգային խնդիրներուն նկատմամբ:
1983ին, ան Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ուսանող էր, նոյն տարին կը զօրակոչուի խորհրդային բանակ: 1985ին, բանակէն վերադառնալէն յետոյ, Վարդան կը շարունակէ ուսումը: 1989ին, աւարտելէ ետք պատմութեան բաժանմունքի ընդհանուր պատմութեան բաժինը, ան կը շարունակէ իր մասնագիտական ուսումը՝ միաժամանակ որոշ աշխատանքներ կատարելով Հայաստանի պատմական աշխարհագրութեան եւ քարտէսագրութեան գիտական հիմնարկին մէջ:
Թրքական արխիւներուն մէջ հայոց պատմագիտութեան անյայտ էջերը ուսումնասիրելու նպատակով, Վարդան ուսանողական տարիներուն համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ կը տիրապետէ թրքերէն եւ ատրպէյճաներէն լեզուներուն:
Վարդան Բախշեանի ուսանողական տարիները զուգադիպեցան հայոց նորագոյն զարթօնքի՝ Ղարաբաղեան շարժման շրջանին, երբ հայութիւնը վճռականօրէն տէր կանգնեցաւ իր կորսնցուցած իրաւունքներուն: Եւ Վարդան 1988ի Փետրուարեան առաջին օրերէն ամբողջ էութեամբ նուիրուեցաւ Արցախի ազատագրական շարժումին եւ խումբ մը ընկերներու հետ հիմնեց Հայ ուսանողական դաշինք միութիւնը: Միութիւնը կը հրատարակէր «Դաշինք» ուսանողական թերթը, որուն խմբագիրներէն մէկն ալ Վարդանն էր:
1989ի Դեկտեմբեր 2ին Հ.Մ.Ը.Մ.ը վերահաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ: Այդ գործին մէջ հսկայական էր Վարդանի աշխատանքը: Վարդան դարձաւ Հայաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերահիմնադիրներէն մէկը եւ ընտրուեցաւ միութեան առաջին վարչութեան անդամ:
1991ին Վարդան Աթէնքի մէջ ընտրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ:
1990ին՝ անդամակցելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Վարդան միացած էր Արցախի ինքնապաշտպանական ջոկատներուն եւ իր մասնակցութիւնը բերած Բերդաձորի հերոսական մարտերուն: Իսկ 1991ի Դեկտեմբեր 16ին, երբ թշնամին յարձակեցաւ Հասանաբադ գիւղին վրայ, գիւղի պաշտպան մարտիկները կրցան ետ մղել թշնամիին գրոհը, սակայն այնտեղ նահատակուեցան Վարդան եւ իր երկու ընկերները:
Յատկանշական է, որ այս մարտին մեկնելէ առաջ Վարդանի ընկերները փորձած էին Վարդանը համոզել, որ մարտադաշտ չմեկնի, բայց ան մնացած էր անդրդուելի, եւ իր նահատակութեամբ ան միացաւ հայոց պատմութեան հերոսներու փաղանգին ու նոր հերոս մը աւելցուց ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԱՏ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆի կերտման յաղթարշաւի բագինին: