ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի իշխանութիւնները Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15ին յայտարարեցին, որ Երեքշաբթի օր առեւանգուած շուրջ 150 ակադեմականներուն մեծ մասը ազատ արձակուած է, բայց առեւանգեալներուն հարազատները ըսին, որ այս տեղեկութիւնները ճիշդ չեն եւ շատեր կը մնան անգտանելի:
Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Չորեքշաբթի օր այցելեց Պաղտատի համալսարան, ուր դասախօսներու եւ ուսանողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին վստահեցուց, որ «պատանդներուն մեծ մասը ազատ արձակուած է, բայց մենք այդքանով չենք բաւարարուած: Պիտի հետապնդենք այս ոճրային տգեղ արարքը գործած անձերը»:
Կառավարական աղբիւրներ տարբեր տեղեկութիւններ տուին առեւանգեալներու թիւին մասին՝ սկսելով 50էն, հասնելով մինչեւ 150ի:
Բարձրագոյն ուսման նախարարութեան բանբեր Պասիլ Խաթիպ ըսաւ, որ առեւանգեալներէն 40ը ազատ արձակուած էին Երեքշաբթի օր, եւ 32 ուրիշներ ազատ արձակուած են Չորեքշաբթի օր: Մնացեալներուն թիւին եւ ճակատագիրին մասին ան ոչինչ ըսաւ:
Նախարարութիւնը Հինգշաբթի օր հաղորդեց, թէ Երեքշաբթի օր առեւանգուածներէն մօտաւորապէս 80ը պատանդ կը պահուին, իսկ նախարարը որոշեց կառավարութեան գործունէութեան չմասնակցիլ, մինչեւ այս տագնապին լուծումը:
«Ճազիրա» կայանը, իր տեղեկութիւնները առեւանգեալներու հարազատներէն քաղելով հաղորդեց, որ առեւանգեալներուն մեծ մասը կը մնայ անգտանելի:
Իրաքի ամէնօրեայ վայրագութիւնները Հինգշաբթի օր պատճառեցին աւելի քան 20 զոհ, մինչ ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը Հինգշաբթի օր հաղորդեց, թէ չորս ամերիկացի զինուորներ եւս սպաննուած են, այս ամսուան զոհերու ընդհանուր թիւը հասցնելով 45ի: