ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի որոշումով Արծրուն Խաչատրեան նշանակուած է բնապահպանութեան նախարարի տեղակալ:
Արծրուն Խաչատրեանը ծնած է 1958ին, Երեւան: 1975ին աւարտած է Երեւանի թիւ 94 միջնակարգ դպրոցը, 1981ին՝ Երեւանի Ալ. Թամանեանի անուան շինարարական ուսումնարանը: 1988ին ուսանած է Մոսկուայի Ս. Օրջոնիկիձէի անուան երկրաբանական հիմնարկին, իսկ 2003ին՝ Մոսկուայի գործարարութեան եւ քաղաքականութեան հիմնարկին մէջ:
1989-1993ին աշխատած է Երեւանի «Մետաքսի» գորածարանին մէջ՝ իբրեւ փոխտնօրէն:
1998ին եղած է Երեւանի Աջափնեակի փոխթաղապետ: 2000-2006ին ղեկավարած է Երեւանի Աջափնեակ համայնքը: Անկուսակցական է: Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ: