ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Իմ իրաւունքը» թերթի եւ «Panorama. am» լրատուական գործակալութեան սեփականատէր Արա Սաղաթէլեան իր անձնական ինքնաշարժի հրկիզումը կ’առնչէ իր լրագրողական գործունէութեան:
Միաժամանակ ան մամուլին յայտնեց, որ առայժմ չի կրնար առաջադրել որեւէ վարկած, «յոյսը դնելով նախաքննութեան արդիւնքներու վրայ»: Ա. Սաղաթէլեանը միջադէպը չ’առնչեր նաեւ ապագայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Փետրուար 8ին, Մ. Խորենացիի փողոցի թիւ 34 շէնքի բակին մէջ անյայտ անձ մը հրկիզած էր Ա. Սաղաթէլեանի «Նիսան» մակնիշի ինքնաշարժը։
Օրինապահ մարմինները քննութիւն բացած են դէպքին շուրջ: