Լիբանանի նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ Չորեքշաբթի օր նախագահական ապարանքին մէջ ընդունեց Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները։ Քննարկուեցան նաեւ դիւանագիտական եւ դատական մարզերուն մէջ նշանակումներու, ինչպէս նաեւ պետական վարչամեքենայի նշանակումներու կապուած հարցեր: Այս ծիրին մէջ պատուիրակութիւնը պահանջեց յարգել լիբանանահայութեան արդար իրաւունքը եւ վերջ տալ անոր դէմ գործուող անիրաւութեան։