ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիա այցելութեան ընթացքին, Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18ին յայտնեց, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումին ընթացքին արծարծած է իր երկրին մտահոգութիւնը՝ Իրանի հիւլէական ծրագիրին նկատմամբ։
Օլմերթ ըսաւ, թէ Փութինի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է Սուրիոյ եւ Իրանի զէնքեր չծախելու առաջարկին կարեւորութիւնը։
«Փութինը եւ ես քննարկեցինք ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող հարցեր, գլխաւորաբար՝ Իրանի հիւլէական սպառնալիքը», ըսաւ Օլմէրթ, որ Լիբանանի դէմ պատերազմէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կ՚այցելէր այլ երկիր մը։
«Պատմական քառուղիի մը առջեւ կը գտնուինք եւ չունինք շռայլութիւնը անտեսելու Իրանի իսկական նպատակը», ըսաւ Օլմերթ՝ դիտել տալով, որ Իրան սպառնացած է քարտէսէն ջնջել Իսրայէլը։
«Այս հանդիպումէն դուրս եկայ այն տպաւորութեամբ, որ Փութին կը հասկնայ Իրանի վտանգը», ընդգծեց Օլմերթ։
Օլմերթ-Փութին հանդիպումէն քանի մը ժամ առաջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած էր, թէ Մոսկուա Իրանէն եկող անմիջական ոչ մէկ վտանգ կը տեսնէ։
«Կարեւոր է Իրանի հարցով քայլեր առնել, բայց այդ քայլերը կատարուածին համեմատ պէտք է ըլլան, եւ ոչ՝ չափազանցուած», ըսաւ Լաւրով։