ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Արմէնփրէս».- Սեւրի դաշնագիրը միակ իրաւական փաստաթուղթն է, որ կրնայ արդար ձեւով բաւարարել պատմական տարածքներու նկատմամբ Հայաստանի պահանջը միջազգային ատեաններուն մէջ, յայտարարեց Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, Նոյեմբեր 16ին Մամուլի ազգային ակումբին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Կիրօ Մանոյեան նաեւ համամտութիւն յայտնեց Քանատայի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արա Պապեանի՝ իրաւական ճանապարհով հայկական տարածքները վերականգնելու գաղափարին հետ եւ նշեց, որ «Ա. Պապեանի մօտեցումը միանգամայն իրատեսական է, քանզի Սեւրի պայմանագրի 89րդ յօդուածի համաձայն՝ ԱՄՆի նախագահ Վ. Ուիլսընին էր վստահուած Հայաստանի եւ Թուրքիայի սահմանները ճշդելու իրաւունքը, որով նա Հայաստանին տրամադրել էր աւելի քան 160 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածք»: Կ. Մանոյեան աւելցուց, որ այս մէկը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գերատեսչութեան իրաւական ուժ ունեցող փաստաթուղթերէն է:
ԱՄՆ-Ի ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՊԷՏՔ Է ՀԵՏԱՊՆԴԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԸ
Պատասխանելով ԱՄՆ Քոնկրէսի ընտրութիւններուն եւ անոնց հնարաւոր ազդեցութեան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման հարցերուն առնչուած հարցումի մը, Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց, որ «դեմոկրատներն իրենք իրենց ոչինչ չեն նախաձեռնելու, իրենք որեւէ պատճառ չունեն Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւ ընդունելու համար։ Ամերիկայի հայ համայնքը որքան կարողանայ ազդել նրանց վրայ համայնքին հետաքրքրող հարցերի առումով, դրանք էլ համապատասխանաբար լուծումներ կը ստանան։ Գուցէ նրանք հանդէս գան բանաձեւով, որը չբաւարարի հայ համայնքին։ Սա էլ է տարբերակ, բայց կարծում եմ, որ նրանք մէկ քայլ առաջ կը գնան, քան մինչեւ հիմա Քոնկրէսն արել էր»։
Մանոյեան շարունակեց ըսելով, որ այսօր արդէն Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի խնդիրը պէտք է ըլլայ նման բանաձեւը հասցնել Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստի քուէարկութեան։ Կիրօ Մանոյեանի խօսքերով՝ ԱՄՆի մէջ յառաջիկային կը սպասուին նաեւ նախագահական ընտրութիւններ, եւ երկու ուժերն ալ (Հանրապետական եւ Դեմոկրատ կուսակցութիւններ) շահագրգիռ չեն ԱՄՆի հայկական համայնքին նման կազմակերպուած համայնքի քուէները կորսնցնելով։ Հետեւաբար, անոնք յառաջիկային պիտի փորձեն համայնքի համակրանքը շահելու քայլեր ձեռնարկել։
Անդրադառնալով Թուրքիոյի Եւրոմիութեան անդամակցելու խնդիրին, Կ. Մանոյեան նշեց, որ այդ քայլը կը բխի Միացեալ Նահանգներու շահերէն, սակայն անդամակցութեան պայմանները եւ պահանջները առաջադրելը ԱՄՆի իրաւասութեան մէջ չեն: «Եւ քանի դեռ անդամակցութեան գործընթացը շարունակւում է, եւ Եւրոմիութիւնը առաջադրում է իր պահանջները, հայկական լոպպին հնարաւորութիւն ունի պահանջելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ տարբեր միջոցներով նոյնիսկ ճնշումներ գործադրելու Թուրքիայի նկատմամբ», ըսաւ Մանոյեան: