Վաղը, Կիրակի, Դեկտեմբեր 17ի երեկոյեան ժամը 6ին, Կլէնտէյլ հայ սքուլի հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հ.Յ.Դ. Օրուան տօնակատարութիւն, որուն իբրեւ գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած է Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:
Ձեռնարկը պիտի ընդգրկէ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր՝ հանրայայտ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ.ի գործունէութեան առնչուող տեսաերիզ:
Մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժներուն համար կարելի է օգտագործել դպրոցի Parking-ը: