Կիրակի, 14 Յունուար, 2007ին, Կլէնտէյլի Alex թատերասրահին մէջ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Mosaic խորագրով հրամցուցած հրապարակային երգահանդէսը:
Հայ երկսեռ երիտասարդներու ստեղծագործ հանճարով ճոխացած յայտագրով, որուն անջատաբար մաս կազմեցին հեռաւոր Նիւ Եորքէն մինչեւ տեղականները, նոյն երիտասարդներու հինգ նուագախումբերն ու մեներգողները, «Համազգային»ը անգամ մը եւս տէր կը դառնար իր զաւակներուն եւ անոնց ստեղծագործութիւններով հրապարակային կերպով հանդէս կու գար:
Հայ եւ օտար ամէն տարիքի եւ սեռի հասարակութեան հրամցուցած իր այս նոր խորագիրը կրող ձեռնարկով, «Համազգային»ը հայ կամաւոր անդամներէ բաղկացած իր հոյլով, իր հովանիին տակ համախմբեց մեր նոր սերունդի արուեստագէտները ու անոնց կատարողութեամբ հանրութեան ներկայացուց երգի ու երաժշտութեան բազմաշերտ ճաշակները:
Այս ձեւով «Համազգային»ը առիթ տուած էր, որ իր երդիքին տակ հայ երիտասարդ արուսետագէտը ոչ միայն հայերէն, այլեւ օտար լեզուով աշխատանքի լծուելով ստեղծագործէ ու միաժամանակ հանրութեան ծանօթանայ:
Ձեռնարկի յաջողութեան գաղտնիքը ոչ միայն պէտք է փնտռել նաեւ օրինակելի այն քաջութեան մէջ, որուն շնորհիւ ներկաները կախարդուած եւ հմայուած ունկնդրեցին դասական եւ արդի երգերն ու երաժշտութիւնը, այլ նաեւ ներկաներուն անսակարկ քաջալերանքին ու «Համազգային»ի հանդէպ ցուցաբերած գուրգուրանքին մէջ:
Այս առթիւ, յանուն «Համազգային»ի մեծ ընտանիքին, շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան ջերմ խօսք ունինք ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբի բոլոր անդամ-անդամուհիներուն ու յատկապէս բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ, իրենց արդար բաժինը բերին այս մեծ ձեռնարկին յաջողութեան եւ նոր ճամբայ մը բացին հայ մշակոյթին եւ անոր զանազան ձգտումներու թարգման այս միութեան, որ ան շարունակէ իր երթը առաւել հաստատ:
Անկասկած, որ «Համազգային»ը մեծագոյն քաջալերողն է հայ մտքի եւ արուեստի ստեղծագործութիւններուն յայտնութեան եւ տարածման՝ թէկուզ անոնք ըլլան իրենց տարբեր գոյներով եւ արտայայտութեան բազմազան երանգներով:
«Համազգային»ը կը խոստանայ, որ հայ երգին ու երաժշտութեան տարածման ու բարգաւաճման ի խնդիր գործող իր անշահախնդիր անդամներով պիտի շարունակէ հայ իրականութեան ծառայել, հրամցնելով հոգիի, սրտի ու մտքի մշակութային բոլոր երանգաւորումներուն գոհացում տուող ձեռնարկներ:
«Համազգային»ի
Արեւմտեան Ամերիկայի
Շրջանային Վարչութիւն