ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- «Ուր էինք՝ ուր հասանք», այս նախադասութեամբ արտայայտեց իր զգացումը աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր՝ Հայաստանի վերանկախացման 15րդ տարեդարձին եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան խորհրդանշական մեկնարկին նուիրուած Հոկտեմբեր 18ի երեկոյեան, Փարիզի Կառնիէ սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին:
Հանդիսութեան 2000 մասնակիցներու շարքին էին Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի անդամներ, պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութեան բացման իր խօսքով Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Էտուարտ Նալբանդեան վստահութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի տարին հնարաւորութիւն կու տայ Ֆրանսայի հասարակութիւնը ծանօթացնել հայ մշակոյթին, նոր թափ հաղորդել հայ-ֆրանսական բարեկամական կապերուն:
Վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Հայաստանի երիտասարդ հանրապետութիւնը եւ ժողովուրդը մեծ ճիգ թափած են անկախութեան ճանապարհին յառաջացած քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ կարգի բարդ խնդիրները յաղթահարելու համար:
Ա. Մարգարեան անդրադարձաւ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հարցով բարեկամ երկիրներու եւ, առաջին հերթին Ֆրանսայի գործօն աջակցութեան, նշելով, որ Հայաստան այն կը դիտարկէ իբրեւ կանխարգելիչ գործօն, որպէսզի հետագային որեւէ ատեն մարդկութեան դէմ այդպիսի յանցագործութիւնները չկրկնուին:
Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Ռենօ Տոնետիօ տը Վապրն եւս իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով տարուան կազմակերպիչներուն նշեց, որ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան ձեռնարկները ֆրանսացիներուն համար հրաշալի հնարաւորութիւն պիտի ստեղծեն ծանօթանալու հայկական մշակոյթին, որ ունի խոր ու աւանդական արմատներ: Նախարարը մասնաւորապէս ընդգծեց Լուվրի մէջ նախատեսուած ցուցահանդէսը, ուր պիտի ներկայացուին Ս. Էջմիածինի գանձերը, հայկական հին ձեռագիրներ, խաչքարեր:
Հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի դասական երաժշտութեան նուագախումբը՝ կատարելով հայ եւ եւրոպացի երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ:
Յայտնենք նաեւ, որ Փետրուար 17ին այս նոյն սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Շարլ Ազնաւուրի համերգը, ուր ան պիտի ներկայացնէ երեւանեան համերգի ժամանակ մեկնաբանած երգերը: