ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Պլումպըրկ».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15ին աւարտած Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու գերաստիճանը հաստատեց Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւնները դանդաղեցնելու միտող արտաքին գործոց նախարարներու Երկուշաբթի օրուան որոշումը, միաժամանակ ընդունելով Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ անդամակցութիւնը:
Պուլկարիա եւ Ռումանիա Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ պիտի դառնան Յունուար 1, 2007ին, Եւրոպական միութեան անդամ պետութեանց թիւը 27ի հասցնելով:
Մինչ Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաք շեշտեց, թէ անդամակցութեան դիմող բոլոր երկիրները պէտք է Եւրոպական միութեան օրէնքները ընդունին, Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքէլ աւելցուց, թէ անդամակցութեան բոլոր դիմում կատարողները կարելի չէ անդամ դարձնել:
Իր կարգին, Կիպրոսի վարչապետ Քոսթաս Քարամանլիս յայտնեց, թէ Եւրոմիութիւնը շատ յստակօրէն շեշտեց, թէ Թուրքիա պիտի չկարենայ անդամակցութեան բանակցութիւնները ամբողջացնել, եթէ Կիպրոսի կամ այլ հարցերու կապակցութեամբ իր տուած խոստումները չյարգէ:
Յայտնենք, թէ Թուրքիոյ անդամակցութեան ջատագովներէն Բրիտանիոյ վարչապետ Թոնի Պլէր գերաստիճանէն անմիջապէս ետք Թուրքիա ուղղուեցաւ, հոնկէ սկսելով Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացը վերակենդանացնելու նպատակով իր ծրագրած միջին արեւելեան շրջապտոյտը: