ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Դեկտեմբեր 13ին, «Չաւախքի մէջ Շիրակի օրեր» մշակութային ծրագիրով, Շիրակի մարզը ներկայացնող երգիչներու մասնակցութեամբ համերգ տեղի ունեցաւ Ախալքալաքի շրջանային մշակոյթի տան մէջ:
«Չաւախքի մէջ Շիրակի օրեր» մշակութային ծրագիրը վերջին անգամ գործադրուած է 2003ին: Ըստ Ախալքալաքի շրջանային մշակոյթի բաժինի վարիչ Վալերի Սթելմաշովի, շիրակցիներու մշակութային օրերը Չաւախքի մէջ պիտի շարունակուին 2007ի գարնան: