ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Յունուար 18 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց մէկ օր առաջ հիւսիսային Իրաքի քրտական գաղթակայաններէն մէկուն դէմ ամերիկեան եւ իրաքեան ուժերու միացեալ գործողութիւնը, միաժամանակ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն, որ յաւելեալ քայլերու դիմեն հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ յեղափոխականներուն դէմ, անոնց հակաթրքական գործունէութիւնը կասեցնելու նպատակով:
Թուրքիա նաեւ կոչ ըրաւ Ամերիկայի, որ փակէ Մախմուր գաղթակայանը, որ Չորեքշաբթի օրուան գործողութեան թիրախն էր: Ըստ Անգարայի, այդ գաղթակայանին մէջ կը մնան մեծ թիւով քիւրտ անջատողականներ:
Ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ գործողութեան ընթացքին զինամթերք գրաւուած է, սակայն հիւսիսային Իրաքի քրտական իշխանութեանց պաշտօնատարներ պնդեցին, թէ զէնքեր չեն գտնուած գաղթակայանին մէջ:
Յայտնենք, թէ Մախմուր գաղթակայանը հաստատուած էր 1990ին, պատսպարելու համար Թուրքիայէն հիւսիսային Իրաք ապաստանած հազարաւոր քիւրտ գաղթականներ: Անգարա կը պնդէ, թէ քիւրտերը գաղթած էին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դրդումներով:
Թուրքիա տարբեր առիթներով սպառնացած է հիւսիսային Իրաք ներխուժել, եթէ ամերիկեան եւ իրաքեան ուժերը բաւարար քայլերու չդիմեն զսպելու համար քիւրտ անջատողականները, սակայն Ուաշինկթըն նման քայլերու չդիմելու կոչ ըրած է Անգարայի:
Թուրք պաշտօնատարներու հետ այս հարցին շուրջ խորհրդակցութիւններ ունենալու համար, Հինգշաբթի օր Թուրքիա ժամանեց Միացեալ Նահանգներու պետական ենթաքարտուղար Նիքլըս Պըրնզը: