ԳԱՒԱՌ, «Արմէնփրէս».- Տեղացած առատ ձիւնի եւ յաճախակի կրկնուող ձիւնաբուքերու պատճառով դժուար երթեւեկելի վիճակ առաջացած է Մարտունի-Եղէգնաձոր ճամբուն, մասնաւորապէս՝ Սելիմի լեռնանցքին մէջ: Սակայն, դժուար երթեւեկելի հատուածներուն մէջ սահմանուած շուրջօրեայ հերթապահութեան շնորհիւ Սելիմի լեռնանցքը ընդհանրապէս երթեւեկելի եղած է, անանցանելի եղած է միայն Յունուար 4ին, 5ին եւ 16ին:
Աւելցնենք, որ Սելիմի լեռնանցքին մէջ այս օրերուն ձիւնի բարձրութիւնը 2 մեթրէն աւելի է: