ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Գրողներու միութեան դահլիճին մէջ, Նոյեմբեր 16ին հրաւիրուած էր նիստ՝ նուիրուած հայերու մեծ բարեկամ, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներէն Վուտրօ Ուիլսընի ծննդեան 150ամեակին:
Համանախաձեռնող «Ազգային միասնութեան ուխտ» կուսակցութեան նախագահ Ռաֆայէլ Համբարձումեան նշեց հայոց պատմութեան մէջ 1920ական թուականներուն Ուիլսընի մեծ դերը, քանի որ անոր՝ Սեւրի դաշնագրով նախագծած քարտէսին մէջ նախանշուած են Թուրքիայէն Հայաստանին վերադարձուելիք տարածքները սահմանազատող եւ հաստատող սահմանները: Համբարձումեան յայտնեց նաեւ, որ Սեւրի դաշնագրի Հայաստանի վերաբերող յօդուածները իրականութիւն չդարձան, մինչդեռ նոյն դաշնագրով շարք մը պետութիւններ կրցան ազատագրուիլ թրքական լուծէն: «Ութսուն տարի շարունակ մեր պատմութեան դասագրքերում խեղաթիւրուած ձեւով է ներկայացուել 1920 թուականի Օգոստոսի 10ի Սեւրի պայմանագիրը», ըսաւ Համբարձումեան եւ աւելցուց, որ այժմ ժամանակն է մշակելու ձեւերը, որպէսզի Հայաստան եւս օգտուի մինչ այսօր միջազգային իրաւական նշանակութիւն ունեցող դաշնագրէն:
Նիստի մասնակիցները առաջարկեցին նաեւ Երեւանի փողոցներէն եւ դպրոցներէն մէկը անուանակոչել Վ. Ուիլսընի անունով, ինչպէս նաեւ տեղադրել անոր արձանը:
Առաջարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը անուանել Ուիլսընի անունով, իսկ ծննդեան տարեդարձի առթիւ տպագրել գիրք եւ հրապարակել դրոշմաթուղթեր: