ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հրատարակուեցաւ «Հայաստանի բնաշխարհ» հանրագիտարանը, զոր լոյս ընծայեց Հայկական հանրագիտարանի հրատարակչութիւնը:
Հոկտեմբեր 19ին Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հատորի շնորհահանդէսը, որուն հրապարակումը հանրագիտարանի գիտախմբագրական խորհուրդի նախագահ, ակադեմիայի նախագահ Ռատիկ Մարտիրոսեանի խօսքով, «ուշագրաւ երեւոյթ է, եւ այն հանգամանօրէն է ներկայացրել հայկական բնաշխարհը՝ իր տարբեր բնակլիմայական պայմաններով ու տարբեր տարածքներով»: Ան պետական պատուէրով հրատարակուած գիրքը անուանեց «շատ յաջողուած եւ օգտակար գիրք Հայաստանի բնութեան մասին»:
Աշխատութիւնը ներկայացնելով, Հայկական հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագիր-տնօրէն Յովհաննէս Այվազեան յայտնեց, որ ան կ’ընդգրկէ Հայաստանի լեռնագրութիւնը, երկրաբանական կառուցուածքը, կլիման, ջրագրութիւնը, հողերը, բուսական եւ կենդանական աշխարհները, բնօգտագործումը եւ բնապահպանութիւնը:
Հատորին մէջ զետեղուած են բնութեան տարբեր երեւոյթներ ներկայացնող 18 քարտէսներ եւ բազմաթիւ լուսանկարներ:
Հրատարակութեան մասին խօսեցան գրահրատարակչական գործի գործակալութեան պետ Էտուարտ Միլիտոնեան, աշխարհագրագէտ Լեմուէլ Վալեսեան, թռչնաբան Մարտին Ադամեան եւ բուսաբան Անդրանիկ Բարսեղեան:
Բոլոր ելոյթ ունեցողները այն կարծիքը յայտնեցին, որ անհրաժեշտ է միջոցներ որոնել գիրքը թարգմանելու եւ օտար ընթերցողին ներկայացնելու համար: