ՊՈԼԻՍ.- Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակին արժանացած թուրք վիպագիր Օրհան Փամուք ստացաւ հոլանտական Թիլպուրկ համալսարանի դոկտորի պատուաւոր կոչում։
Համալսարանին փիլիսոփայութեան, աստուածաբանութեան եւ մշակոյթի ամպիոնի գիտական խորհուրդը հաւանութիւն տուաւ պատուոյ դոկտորայի կոչումի տուչութեան՝ ընդգծելով, որ թուրք գրողը արժանացած է այդ կոչումին, քանի որ «ուսումնասիրած է աւանդապահութիւնն ու արդիապաշտութիւնը, ինչպէս նաեւ յարաբերութիւնները Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, քրիստոնէութեան եւ իսլամի միջեւ։ Փամուք ոչ միայն հարցադրումներ կը կատարէ պատմական տեսակէտէն, այլ այդ հարցադրումներուն կը վերաբերի իբրեւ աստուածաբան, փիլիսոփայ եւ մշակոյթի գործի»չ, կը գրէ «Զաման» թերթը։
Փամուք վերջերս քննադատուած է թուրք ազգայնամոլներու կողմէ, որոնք Նոպէլեան կոմիտէն ամբաստանեցին քաղաքական կողմնապահութեան յանցանքով։
Փամուք կը հետապնդուէր Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածով՝ «ազգային արժանապատուութեան ոտնահարման» յանցանքով, պարզապէս որովհետեւ ան բարձրաձայն կերպով յայտնած էր, թէ Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին արտայայտուիլը վտանգաւոր կը նկատուի: Միջազգային հանրութեան ճնշումին տակ, այդ մեղադրանքները ջնջուեցան։