ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 17ին, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ընդլայնուած նիստին, պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան ներկայացուց ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան նախագիծը: Ըստ Ս. Սարգսեանի, Հայաստանի զարգացման համար ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մշակումը դարձած է հրամայական պահանջ, որուն իրականացումը կ’ապահովէ պետութեան կայուն զարգացումը եւ անվտանգութիւնը: Ան տեղեկացուց, որ փաստաթուղթը Ազգային ժողովին մէջ պիտի քննուի Նոյեմբեր 27ին եւ լրամշակուած տարբերակը պիտի ներկայացուի նախագահին, ապա՝ կառավարութեան նիստին պիտի քննարկուի: Հաստատուելէ յետոյ, ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ պարտադիր՝ պետական բոլոր կառոյցներուն համար: «Պէտք է անցնեն ժամանակները, երբ տարբեր պետական պաշտօնեաներ նոյն խնդրի վերաբերեալ յայտնում են տարբեր, յաճախ իրարամերժ կարծիքներ», նշեց նախարարը:
Գիտնականները, ռազմավարութեան նախագիծը համարելով համակողմանի մշակուած փաստաթուղթ, առաջարկեցին սահմանել, թէ ո՞ր ժամանակաշրջանին համար ան մշակուած է եւ ամրագրել, որ պետութիւնը պէտք է ապահովէ երկրի սահմաններէն դուրս գտնուող քաղաքացիներու անվտանգութիւնը եւ շեշտել հայրենդարձութեան խնդիրը: Գիտնականները կարծիք յայտնեցին նաեւ, որ փաստաթուղթին մէջ յաւելեալ ուշադրութեան առարկայ դարձած է արտաքին քաղաքականութիւնը, մինչդեռ աւելի կարեւոր են ներքին խնդիրները: Այս դիտարկման պատասխանելով, նախարարը նշեց, որ ազգային անվտանգութեան հիմնական նպատակը ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութիւնն է, իսկ ֆիզիքական գոյութեան առաջին վտանգը արտաքին է:
Բանակի խնդիրներուն աւելի ծաւալուն բաժին յատկացնելու գիտնականներու առաջարկին ի պատասխան, Սարգսեան տեղեկացուց, որ յաջորդ տարի պիտի սկսի ռազմական դաւանանքի մշակումը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է բանակի խնդիրներուն եւ պիտի հաստատուի կա՛մ 2007ի տարեվերջին, կամ 2008ին: Նախարարը առաջարկեց բոլոր գաղափարները գրաւոր ներկայացնել նախագահի՝ 2005ի Դեկտեմբեր 16ի կարգադրութեամբ կազմուած միջգերատեսչական յանձնաժողովին, որ բաղկացած է համապատասխան նախարարներէն եւ ԱԺ պատգամաւորներէ: Կը նախատեսուի փաստաթուղթը հաստատել մինչեւ 2007ի Մայիսը: