ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ Փետրուար 14-16 տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ երկրիներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդին առընթեր հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) հարցերու համադրող յանձնախումբի նիստը եւ ուսումնամեթոտական հաւաք:
Ըստ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղարի, այդ առիթով ՀՕՊի այս յանձնախումբի նախագահ, զօրավար Վլատիմիր Միխայլովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Փետրուար 14ին պիտի ժամանէ Երեւան: Պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան եւ ծաղկեպսակ զետեղէ 1915ի զոհերու յուշակոթողին:
Փետրուար 15ին, մարաջախտ Ա. Խանփերեանցի անուան օդանաւորդութեան հիմնարկի մէջ տեղի պիտի ունենայ ուսումնամեթոտական հաւաքի բացումը: