Ժայռախումբին ամէնէն բարձր ժայռը մագլցեցաւ: Վիրաւորուեցաւ: Արիւնեցաւ: Չհոգաց: Արիւն հեղելու եկեր էր արդէն:
Եկեր էր, որովհետեւ կ’ուզէր նաեւ ճպուռին երգը երգել, ճպուռի պէս երգել սորվիլ: Ո՛չ, ուշ է բան սորվելու: Եկեր էր, որովհետեւ ճամբու վրայ մոռցած էր, որ նաեւ պէտք է երգել, երբեմն ճպուռի պէս՝ անհոգ ու թոքերը պատռելով, պար ներշնչելով:
Օրերը՝ շարք-շարք մրջիւններ, կ’անցնէին աչքին առջեւէն, կեանքին վրայէն, եւ ոչ ոք կարծես կ’ունենար ուրախութիւնը լեցուն մառաններուն, տաքուկ բոյներուն, եւայլն, եւայլն:
Վարէն ծովը անտարբեր կը շարունակէր ալիքուիլ: Ո՛չ ճպուռ, ո՛չ մրջիւն անոր ալիքներուն: Տրուիլ անոնց շարժին, լքուիլ ու մոռնալ:
Ալիքներէն վեր, աղմուկէն վեր, իրմէ վեր ճայ մը կը թեւածէր մենակեացի խաղաղութեամբ: Նայեցաւ անոր աչքերուն: Նայեցաւ վեր՝ գեղեցկագոյն գերեզման: Նայեցաւ վար եւ…
Շունչը բռնած սեւեռեց:
Այո, մարմին մըն էր, աղբի տոպրակ չէր, ջախջախուած մարմին մը, որ, Տէր Աստուած, շատ ծանօթ կը թուէր:
Ինչո՞ւ այս սարսափը հիմա, ի տես վարը փռուած այդ մարմնին, երբ ի՛ր ալ նպատակը հոն հասնիլ էր՝ վերջին ու մեծագոյն ցատկ մը կատարելով, պարապ հանդիսասրահի մը առջեւ, ուր բնութիւնն է, եւ ուրկէ կեանքը կը բացակայի կարծես:
Վարէն, կարծես ծովուն աղբի բոյրին կառչած, բաներ կը բարձրանային՝ առաջին սէր մը, հասուն կիրքեր՝ տարբեր-տարբեր գոյներով, մտածումներու պատառիկներ, երբեմն ամբողջ մտքեր, որոնք սկսեր էին պահ դրուած մուշտակի պէս մազերը թափել:
Իսկ բարկութիւն ըսուածը ծանր էր ու վեր չէր հասներ, կէս ճամբան մնացած, անկարող շան պէս հաջելով կը մնար վարը, կը դառնար մարմնին շուրջ, կը հոտոտար ու կը հաջէր, դունչը տնկած իրե՞ն, թէ՝ ճային:
Տակաւին վարէն կը հասնէին աղուոր ծրագիրներ, որոնց հազիւ դպած կը պայթէին ու ոչինչ կը մնար անոնցմէ: Ոչինչի նմանող բաներ ալ վեր կը հասնէին, գեղեցիկ բառերով պարուրուած, որոնցմով օրօրուեր էր ու մրափե՜ր…
Այնքան ծանօթ էր այս բոլորը. ամէն օր տեսնուած մղձաւանջ, սպասումի վախ, պարապի անդոհանք:
Նայեցաւ ետ՝ մրջիւնները կը շարունակէին կանոնաւոր վաշտերով «պէտք է»ներ փոխադրել: Նայեցաւ առաջ՝ ճպուռը կ’ուշանար, կ’ուշանար…: Նայեցաւ վար՝ ոչինչ որ տարբեր ըլլար իր ամէնօրեայ վիճակէն. կեանք, ուր ճպուռ չէր մնացեր: Սկիզբէն կա՞ր: Չէր յիշեր: Միայն մրջիւնները, որոնք խտիղ կու տային օրերուն: Ոչ կրնար փչել եւ այլ տեղ քշել զանոնք, ոչ կրնար սպաննել: Դիմանալ պէտք էր: Գոնէ ճպուռը ըլլար իր երգով, երջանկութեան խաբկանքով:
Պատմուածքի մը պէս, որ դիպաշար չունի սպասուած հանգոյցով եւ լուծումով, որոշումը փլաւ:
Կրկին վեր նայեցաւ եւ… ճանչցաւ վարը փռուածը. ինքն էր, գալիքի կարելիութիւն մը, բայց նաեւ՝ ընտրելու նոր առիթ:
Քիչ մըն ալ նայեցաւ աջ-ձախ եւ որոշեց ետ դառնալ:
ԿԱՐԾԻՔ… ԿԱՐԾԻՔ
Մարուշ Երամեան իր բանաստեղծութեամբ կը յօրինէ ինքնութիւն մը, բանաստեղծուհիի մը ինքնութիւնը, որ կը խուսափի ցուցամոլ նորարարութենէ եւ քերթուածին մէջ կը խտանայ ու կը խտացնէ ինչ որ կայ իր մէջ, խօսքին խորութեան մէջ ծաւալելով, սակաւախօսութեամբ բանաստեղծելով բայց էջին տալով բանին ամբողջականութիւնը, միտքին յստակութիւնը, զգացումներուն առատ անկեղծութիւնը:
***
Մարուշ իր ընթերցումներուն ու մշակած գրականութեան միջոցաւ կարծէք ստանձնած ըլլայ ներկայ դարը իր այլութիւններով եւ բարդութեամբ: Երաժշտութեան background-ին յենած կը կարդայ ու կը գրէ կնոջ մը ենթաշխարհէն, իր մօր գոգնոցին դրուագներէն եւ սփիւռքահայու իր տագնապներէն. կամայական յուզումներու խանգարող սովորութեան ու անկենդան նիւթերու հրմշտուքի դրական բացակայութիւնը անոր գրքերէն՝ կարծէք առիթ տուած են գրողին, որպէսզի իր բանաստեղծական պատուհանները բանայ դրսութեան սահմաններուն եւ սփիւռքեան իր կացութենէ մեկնած բանաստեղծութեամբ մտնէ «համաշխարհային ձգողութեան մէջ»:
ՍՈՆԻԱ ՍԱՆԱՆ
Շուրջ երկու տասնամեակ է, որ հալէպահայ գրական կեանքը նոր թափ ստացած է, եւ վերջին տասնամեակին Մարուշ՝ ինքզինք հաստատող ներկայութիւն է այդ թատերաբեմին վրայ: Բանաստեղծ, արձակագիր ու գրականագիտութեան սեմէն ոտք դրած Մարուշ Երամեան արագ ու խիտ պատումներու իր ինքնատիպ ոճով գիտէ նուազագոյն բառերով առաւելագոյնը ըսել, մի՛շտ ձգտելով, որ ընթերցողը մասնակցի հեղինակի մտորումներուն, մանաւանդ դիմէ ինքնաքննութեան եւ քննադատումի ու փորձէ ինքնիրմէ դուրս ելլելով՝ նորէնոր ճանչնալ կեանքն ու աշխարհը: Մարուշին գրչին տակ կեանքը տխուր է յաճախ: Բայց ո՞վ ըսաւ, որ տարբեր է կեանքը:
Ե.Հ.Ք.