ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Փետրուար 12ը դարձեալ արիւնալի օր մը դարձաւ իրաքցիներու համար եւ միայն Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած քանի մը պայթումներու հետեւանքով սպաննուեցան աւելի քան 80 իրաքցիներ եւ վիրաւորուեցան 160է աւելի ուրիշներ:
Յարձակումներէն ամենաարիւնալին տեղի ունեցաւ Պաղտատի ամենահին շուկային մէջ, որու հետեւանքով սպաննուեցան 71 քաղաքայիններ:
Յայտնենք, թէ անցեալ տարի Փետրուար 12ին տեղի ունեցած էր շիիներու սրբավայրի մը վրայ այն յարձակումը, որ կայծ տուած էր Իրաքի միջհայամքային պատերազմին:
Կիրակի օր, անձնասպանական յարձակում մը տեղի ունեցաւ Թիքրիթի մօտ գտնուող ոստիկանատունի մը վրայ: Պայթումը քանդեց ոստիկանատունը եւ պատճառեց աւելի քան 30 զոհ եւ 50 վիրաւոր, մեծ մասը՝ ոստիկաններ: Քանի մը վայրկեան ետք, ճամբեզրին զետեղուած ական մը պայթեցաւ Թիքրիթի մայրուղիին վրայ քաղաքային ինքնաշարժի մը անցած ատեն՝ սպաննելով անոր մէջ գտնուող երկու քաղաքային եւ վիրաւորելով երկու ուրիշներ: