ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Դեկտեմբեր 18ին ընդունեց տարածաշրջանային այցով Հայաստան գտնուող հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպին, որուն հետ տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան:
Քոչարեան իր խօսակիցին հետ քննեց ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւնները՝ անդրադառնալով Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան ծիրէն ներս ստորագրուած գործողութիւններու ծրագիրին:
Հանդիպման ընթացքին Քոչարեան նշեց, որ 2007էն սկսեալ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները պիտի մտնեն շատ աւելի համակարգուած փուլ եւ յոյս յայտնեց, որ մեկնարկը յաջող կ’ըլլայ: Ըստ նախագահին, այժմ փորձ կը կատարուի գործողութիւններու ընդհանուր ծրագիրէն առանձնացնել յաջորդ տարուան հիմնական գերակայութիւնները եւ յստակացնել Եւրոյանձնաժողովի հետ աշխատանքի մեքանիզմները:
Քոչարեան եւ Սեմնեպի խօսեցան նաեւ Արցախի հարցի բանակցութիւններու վերջին զարգացումներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէի մասին:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ ընդգծելով զանոնք միջազգային չափանիշներուն համապատասխան կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը:
Նոյն օրը, Սեմնեպի հանդիպում ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանին հետ:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԿԱՏԻ
ՂՈՒԿԱՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
Մէկ օր առաջ, Դեկտեմբեր 17ին, Երեւանի ԼՂՀ ներկայացուցչութեան մէջ ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան հանդիպում ունեցաւ հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպիին հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը մանրամասնօրէն քննեցին Լեռնային Ղարաբաղի եւ ԵՄի միջեւ ամուր կապեր հաստատելու վերաբերեալ առաջարկները. «Կարծում եմ, որ այդ կապերը կարող են լինել եւ քաղաքական, եւ տնտեսական», ըսաւ նախագահը՝ նշելով, որ 2007ի Յունուարի վերջ Փետրուարի սկիզբը աւելի յստակօրէն պիտի քննեն այդ հարցերը եւ լուծումներ գտնեն հետագայ փոխյարաբերութիւններուն վերաբերեալ:
Նախագահ Ղուկասեան հանդիպման աւարտին, հանդիպելով լրագրողներուն յայտնեց, որ Սեմնեպիի հետ հանդիպման ընթացքին քննուած է նաեւ հայ փախստականներուն հարցը. «Չեմ հասկանում այն տրամաբանութիւնը, երբ սկզբից փորձ է արւում լուծել ատրպէյճանցի փախստականների հարցը եւ յետոյ անդրադառնալ հայ փախստականների խնդրին», ըսաւ ԼՂՀ նախագահը՝ նշելով, որ «հարցի տրամաբանութիւնն այնքան ակնյայտ է, որ Պ. Սեմնեպին եւ միջազգային կառոյցերի այլ ներկայացուցիչներ անպայման կ’անդրադառնան այդ երկու հարցերը միաժամանակ կարգաւորելու խնդրին»:
Եւրոմիութիւնը կը փափաքի խորացնել ուղղակի շփումները Լեռնային Ղարաբաղի հետ՝ յայտարարեց Սեմնեպի եւ աւելցուց. «Կարծում եմ, որ ԵՄի առաւել աշխոյժ ներգրաւումը կ’օգնի հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերին: Մեզ համար կարեւոր է լսել եւ շփումներ ունենալ հակամարտութեան բոլոր կողմերի հետ: Ցաւում եմ, որ մինչ այժմ նման շփումները բաւական չեղ եղել», ըսաւ ան:
Սեմնեպի Ա. Ղուկասեանի հետ զրոյցը հիմնարար որակեց եւ նշեց, որ անդրադարձած են բազմաթիւ հարցերու, ներառեալ ԼՂՀի վերջին հանրաքուէ: Ըստ Սեմնեպիի, ԵՄը մտահոգուած է, որ հանրաքուէն կրնայ խոչընդոտել եւ որոշ չափով կանխորոշել հակամարտութեան շուրջ բանակցային գործընթացը: Հանրաքուէի վերաբերեալ ԵՄի արձագանգը, իր խօսքերով, պէտք չէ ժխտական ընկալել ԼՂի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական գործընթացներու նկատմամբ, քանի որ ԵՄը կը գիտակցի, որ ԼՂի մէջ կայ ժողովրդավարական մշակոյթի բարձր աստիճան, որ դրական է: «Հանրաքուէն բովանդակում է սկզբունքային պահեր, որոնց հետ չենք կարող համաձայնել: Այն կանխորոշում է հարցեր, որոնք պէտք է լուծուեն բանակցութիւնների ընթացքում, այդ թւում՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը», նշեց ան:
Ըստ Սեմնեպիի, Եւրոմիութիւնը ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը կը նկատէ միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունքներէն մէկը. «Սակայն ես ցանկանում եմ կրկնել, որ դա միակ սկզբունքը չէ, այլ՝ հիմնարարներից մէկը», ըսաւ ան: