ԱՆԳԱՐԱ, «ՓանԱրմինեըն», «Արմէնփրէս».- Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ Անգարայէն, թէ թրքական կառավարութիւնը որոշած է «պատժամիջոցներ որդեգրել Ֆրանսայի դէմ», իբրեւ բողոք այն օրինագիծին դէմ, որ կ’առաջադրէ պատժել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները:
Թրքական իշխանութիւնները որոշեցին առաջին հերթին «սառեցնել բոլոր երկկողմանի յարաբերութիւնները քաղաքական եւ զինուորական բնագաւառներէ ներս»: Առ այս, ֆրանսական ընկերութիւններ իրաւունք պիտի չունենան մասնակցելու թրքական զինուորական եւ ուժանիւթի բնագաւառներու նուազուրդներուն: Արգելքը առաջին հերթին կը վերաբերի հիւլէական ուժանիւթի կայաններուն՝ իւրաքանչիւրը 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ:
Իսկ ըստ «Azeri Press» գործակալութեան, ֆրանսական ընկերութիւնները պիտի զրկուին նաեւ թրքական բանակի հրամանատարութեան կողմէ յայտարարութեան նուազուրդներուն մասնակցութենէն:
ՖՐԱՆՍԱ Կ՚ԱՐԳԻԼԷ
Միւս կողմէ, եւ ըստ Պելճիքայի թուրքերու «Պինֆիքիր» կայքէջին, Ֆրանսա արգիլած է Պելճիքայի Աթաթուրքի անուան հետազօտական կեդրոնին եւ «Թալէաթ փաշա» յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած եւ այսօր, Շաբաթ օր կայանալիք ցոյց մը, որուն նպատակն է բողոքել ֆրանսական ծանօթ օրինագիծին դէմ:
Կազմակերպութեան նախագահ եւ «Թալէաթ փաշա» յանձնախումբի Պելճիքայի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Մահիր Փալան դժգոհութիւն յայտնած է ցոյցը արգիլելու ֆրանսական որոշումին դէմ: